Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Յուլիս 1963)

July 2, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պոսթընի Կառավարիչը ՀՅԴ Պատգմ.
70-ր
դ Ժողովին Առթիւ
Անկախութեան Օր Հռչակած Է 29 Յունիսը

«Դաշնակցութիւնը Նուիրուած Է Հայաստանի
Պետական Անկախութեան Դատին»

Կիրակի, 30 յունիսին սկսաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Մ. Նահանգներու 70-րդ Պատգամաւորական ժողովը:

«Հայրենիք»-ի 29 յունիսի թիւին մէջ այդ առթիւ կը կարդանք հետեւեալը.-

Մասաչուսեց նահանգի կառավարիչ Էնտիքաթ Փիպատի, 27 յունիսի 1963, հինգշաբթի երեկոյ, իր պաշտօնատեղիին մէջ ընդունելով ՀՅԴ Հիւս. Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, քարտուղարը եւ «Հայրենիք» օրաթերթի ու շաբաթաթերթի խմբագիրները, անոնց յանձնեց մասնաւոր յայտարարութիւն մը, որ տարբողելէ ետք հայ ժողովուրդի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան անկախութեան տենչը, կ՛եզրակացնէ. «Ես` կառավարիչ Մասաչուսեց նահանգի, նկատի ունենալով ՀՅԴ Հիւս. Ամերիկայի շրջանի 70-րդ Պատգ. ժողովի գումարումը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին, Պոսթընի մէջ, 29 յունիսի շաբաթ օրը (Պատգ. ժողովի նախօրեակը) կը յայտարարեմ Հայ Անկախութեան օր եւ կը հրահանգեմ այս առթիւ պատշաճ վերաբերում ցոյց տալ հանդէպ պատգամաւորականի կազմակերպիչներուն»:

Կառավարիչ Փիպատի անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ պատգամաւորականի բացման հանդիսութեան եւ պիտի խօսի այս առթիւ:

 

Ազգային Հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանի
Յիշատակին

ՀՅ Դաշնակցութեան Քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ շրջանի բոլոր կոմիտէներու մասնակցութեամբ, մայիս 26-ի առաւօտեան Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հոգեհանգիստ` ի յիշատակ ազգային անզուգական հերոս` Սողոմոն Թեհլիրեանի մահուան երրորդ տարելիցին առթիւ:

Այնուհետեւ, ներկաները ուղղուած են «Արարատ» գերեզմանատունը, ուր հերոսի գերեզմանին վրայ կատարուած է կրօնական պատշաճ արարողութիւն:

Արարողութենէն ետք ՀՅ Դաշնակցութեան Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէին կողմէ խօսած է Կարօ Գավաֆեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուցած է անմոռանալի հերոսը եւ հայ ժողովուրդին արդար դատը: Ապա կարգով խօսելու հրաւիրած է մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

«Ասպարէզ»-ի կողմէ` Ա. Ամուրեան, Լոս Անճելըսի կոմիտէներուն կողմէ` Ռազմիկ Մատենլեան, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Օքլենտի կոմիտէներուն կողմէ` Մարտիրոս Գաբրիէլեան, Սան Ոքին Հովիտի կոմիտէներուն կողմէ` Մելիք-Շահ խօսած են հակիրճ այլ բովանդակալից ճառեր` վեր առնելով հայ արդար դատը եւ հայ ժողովուրդի վրէժխնդիր զաւակ` Սողոմոն Թեհլիրեանի յաւէտ անմոռանալի յիշատակը:

Ուխտագնացութեան ներկայ եղած են` ընկեր Սողոմոնի այրին` Անահիտ Թեհլիրեան, եղբօր կինն ու զաւակները, ազգականներ, բարեկամներ եւ ընկերներ:

ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ Կեդր. կոմիտէն հերոսի գերեզմանին վրայ զետեղած է եռագոյն ծաղիկներով շքեղ ծաղկեպսակ մը, իսկ հերոսի այրին եւ ազգականները գերեզմանը զարդարած են ծաղկեփունջերով:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Համազգայինը Գեղարուեստական Յայտագիր Մը Ներկայացուց «Ճիզըզ Էնտ Մերի» Քոլեճին Մէջ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.