Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոնտոնի Մէջ Գումարուեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

July 1, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 29-30 յունիս 2013-ին, Լոնտոնի «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը` նախաձեռնութեամբ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ հիւրընկալութեամբ Անգլիոյ Հայ դատի յանձնախումբին: Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Անգլիոյ, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Յունաստանի եւ Կիպրոսի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Հայ դատի Պրիւքսելի, Փարիզի եւ կեդրոնական (Երեւանի) գրասենեակներու պատասխանատուները:

Խորհրդաժողովը վարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

Զեկուցումներ ներկայացուցին Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը:

Խորհրդաժողովը լսեց մասնակից շրջաններու Հայ դատի աշխատանքներու զեկուցումները նախորդ` 2011 դեկտեմբերի խորհրդաժողովէն ի վեր եւ քննարկեց Եւրոպայի տարածքին Հայ դատի աշխատանքներուն համար ստեղծուած պայմաններն ու մարտահրաւէրները: Խորհրդաժողովը առանձնաբար անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման, 100-ամեակի, Հայաստանի միջազգային վարկի բարձրացման, Արցախի անկախութեան ճանաչման եւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով եւրոպական երկիրներուն եւ կառոյցներուն մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն: Կարեւորութեամբ քննարկուեցան նաեւ Եւրոպայի հայութեան յաւելեալ քաղաքականացման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցերը: Խորհրդաժողովը շեշտեց Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան ուղղութեամբ Հայ դատի գրասենեակներուն եւ յանձնախումբերուն աշխատանքները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդաժողովը կազմեց Եւրոպայի տարածքին յառաջիկայ երկու տարիներուն կատարուելիք աշխատանքներու ծրագիրը: 28 յունիսին, «Նաւասարդեան» կեդրոնին մէջ Անգլիոյ Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովին առիթով: Ընդունելութեան ներկայ էին Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Չարլզ Թաննոք, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ Սթիֆըն Փաունտ, Անճի Բրատ եւ Վիրընթրա Շարմա, Լոնտոնի Իլինկ շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի ղեկավար Ճուլիան Բելլ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Պասսամ Մահլուֆ եւ Արա Իսքենտերեան:

Օրուան հանդիսավար, Անգլիոյ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Վահան Գրիգորեանի բացման խօսքէն ետք, խօսք տրուեցաւ երեսփոխաններ Սթիֆըն Փաունտի եւ Չարլզ Թաննոքի, որոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ Հայ դատի յանձնախումբերուն խորհրդաժողովին մաղթեցին յաջողութիւն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

 

 

Նախորդը

Մոմավառութիւն` Ի Յիշատակ Մէկ Տարի Առաջ Սպաննուած Հայ Սպայ Վահէ Աւետեանի

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Իրաքի Դեսպանին Հաւատարմագիրները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.