Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մասնակցեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած տնտեսական համագումարին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ պէտք է մարտահրաւէրն ու դժուարութիւնները դիմագրաւել, որպէսզի կարելի ըլլայ համաշխարհային տնտեսութեան շրջագիծին մէջ աշխուժ եւ գործունեայ ըլլալ:
Միքաթի շեշտեց, որ մարտահրաւէրներու դիմագրաւումով է, որ կարելի կ՛ըլլայ ստեղծել գիտութեան, հաւասարութեան եւ քաղաքացիական իրաւունքներու ընկերութիւնը:
Միքաթի նկատել տուաւ, որ ներկայիս պէտք է հանդարտօրէն եւ իրապաշտօրէն քննարկել արաբական աշխարհին դիմագրաւած հարցերը` աւելցնելով, որ հակառակ արաբական աշխարհին դիմագրաւած այս զգայուն կացութեան, Լիբանան տակաւին կարելիութիւն ունի շրջանցելու իրեն դէմ ծառացող քաղաքական եւ ընկերային դժուարութիւնները` զօրակցելով բոլորին եւ բոլորին հետ մէկտեղ ստանձնելով պատասխանատուութիւնները:
Միքաթի նաեւ նկատել տուաւ, որ այդ հարցերուն դիմագրաւումը կարելի պիտի ըլլայ ամբողջացնել պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեամբ:
Ակնարկելով որեւէ երկրի մէջ կառավարութեան ունենալիք գործունէութեան` Միքաթի յայտնեց, որ չկայ կառավարութիւն մը, որ հրաշքներ կրնայ գործել` աւելցնելով, որ ինք վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու պատասխանատուութիւնը կոչած է կրակէ գնդակ մը` նկատել տալով միաժամանակ որ իրեն համար այդ պարտականութիւնը ստանձնելու կարեւորագոյն դրդապատճառը եղած է երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումը:
Միքաթի ընդգծեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ երկրին մէջ ներդրումներու թափը աշխուժացնելու` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան եւ անոր վստահութեան քուէ շնորհելու պարագային Ռիատ Սալամէ պիտի վերընտրուի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ:
Միքաթի նաեւ նշեց, որ կառավարութիւնը կ՛երաշխաւորէ երկրին կայունութիւնը` աւելցնելով, որ ինք կը փափաքի կազմել կառավարութիւնը: «Կառավարութեան կազմութեան ժամկէտը յաւիտեան չէ եւ որեւէ ատեն կարելի է որոշում տալ այդ իմաստով: Վարչապետին պաշտօնն է քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ խորհրդակցիլ եւ այդ խորհրդակցութեանց արդիւնքներուն հիման վրայ հանրապետութեան նախագահին հետ կազմել կառավարութիւնը, սակայն ինչ ալ ըլլայ, անկարելի է բոլորը գոհացնելը եւ անպայման քաղաքական կողմ մը պիտի ըլլայ, որ ինքզինք անիրաւուած զգայ», ըսաւ ան:
Միքաթի հաստատեց, որ ինք նախ եւ առաջ կ՛ուզէ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը, արգիլել սիւննի-շիի սադրանքները, ամրապնդել երկրին տնտեսութիւնը եւ պաշտպանել զայն, ինչպէս նաեւ յարգել երկրին սահմանադրութիւնը եւ բարելաւել պետական կառոյցներուն աշխատանքը:
Միւս կողմէ, Վերտանի մէջ Միքաթի ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանցիները յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ համադաշնակցութեան պահանջները:


