Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սայտայի, Թրիփոլիի Եւ Թարիք Ժտիտէի Մէջ . Ուրբաթ Օրուան Նամազին Յաջորդեցին Սալաֆականներու` Ասիրի Զօրակցական Ցոյցեր

June 29, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Թարիք Ժտիտէի մէջ կատարուած ցոյցէն պահ մը

Սայտայի Զաաթարի մզկիթին մէջ երէկ կատարուեցաւ ուրբաթ օրուան հաւաքական նամազ, որուն նախագահեց եւ քարոզեց Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան եւ որուն ներկայ գտնուեցան նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի, ինչպէս  նաեւ մեծ թիւով իսլամ կրօնաւորներ, որոնց կարգին էր սալաֆական շարժումի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ շէյխ Շահհալ:

Շէյխ Սուսան իր քարոզին մէջ խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած յարձակումը` շեշտելով, որ բանակը լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան եւ Լիբանանի միասնականութեան երաշխիքն է:

Շէյխ Սուսան հաստատեց, որ բանակը իրենց զաւակներէն եւ եղբայրներէն կը բաղկանայ` կտրականապէս մերժելով անոր անդամներուն անջատումը պահանջող կոչերը:

«Մենք` սիւննի համայնքի զաւակներս, Լիբանանին եւ անոր պետական հաստատութիւններուն ու ապահովական կառոյցներուն բաղկացուցիչներն ենք եւ կը պահանջենք արդար, առարկայական, օրինական եւ թափանցիկ հետաքննութիւն բանալ Սայտայի մէջ գտնուող զինեալ խմբաւորումներուն հետ», ըսաւ միւֆթի Սուսան:

Նշենք, որ Զաաթարի մզկիթին մէջ մերժուեցաւ շէյխ Շահհալի քարոզին առիթ մը տալ, եւ ի տես այս իրականութեան, Շահհալի ընկերակցութեամբ Սայտա ժամանած սալաֆական բազմութիւնները Զաաթարի մզկիթէն ուղղուեցան Ապրա. անոնց ընկերակցեցան նաեւ Ահմետ Ասիրի ձերբակալեալ հետեւորդներուն ընտանիքները:

Սալաֆականները հազիւ թէ հասած էին Ապրայի մուտքին գտնուող Ժամաա Իսլամիէի կեդրոնին դիմաց, լսուեցան կրակոցներ, որոնց պատասխանեց բանակը եւ ապա բանակը օդը կրակեց` ցրուելու համար Ապրա ժամանած բազմութիւնները, որոնք Ասիրի լուսանկարները բարձրացուցին եւ պահանջեցին Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթը մուտք գործել:

Բանակը արգիլեց անոնց մուտքը` շեշտելով, որ բանակը տակաւին չէ աւարտած ականները վնասազերծելու իր աշխատանքը:

Բանակը իր զրահապատներով Ապրայի մէջ ամրապնդեց իր դիրքերը եւ իր հակակշիռին տակ առաւ կացութիւնը` հանդարտութիւնը վերադարձնելով Սայտայի:

Թրիփոլիի Մէջ

Թրիփոլիի մէջ սալաֆականները ուրբաթ օրուան նամազէն ետք կատարեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք զօրակցութիւն յայտնեցին Ահմետ Ասիրի:

Սալաֆականները փակեցին Պըհսասի եւ Մինայի ճամբաները, որոնք աւելի ուշ բացուեցան բանակին կողմէ:

Միւս կողմէ, զինեալներ Նուր հրապարակին վրայ արձակեցին կրակոցներ եւ ստիպեցին վաճառատուներու սեփականատէրերուն` փակելու իրենց վաճառատուները:

Թրիփոլիի մէջ սալաֆականները վար առին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի լուսանկարները կրող որմազդները եւ բարձրացուցին Ահմետ Ասիրի լուսանկարները:

Թարիք Ժտիտէի Մէջ Ասիրի Զօրակցական Ցոյցեր

Թարիք Ժտիտէի Ալի պըն Ապի Թալեպ մզկիթին մէջ կատարուած նամազէն ետք, Թահրիր կուսակցութեան Լիբանանի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուեցաւ նստացոյց մը, որուն ընթացքին ցուցարարները զօրակցութիւն յայտնեցին Ասիրի եւ սուրիական յեղափոխութեան, ինչպէս նաեւ վարկաբեկեցին սուրիական իշխանութիւններն ու Լիբանանի մէջ անոնց դաշնակիցները:

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Մանսուրի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարը

Յաջորդը

Քոնկրեսական Մայքըլ Կրիմ Խոստացած Է Աւելի Յամառ Պայքար Մղել Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Համար

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.