Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

June 29, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան մշակութային կցորդը հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ սէուտցի ուսանողները մնան Լիբանանի մէջ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումը կը մերժէ անձնական շահերու պատճառներով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ Ապրայի մէջ ձերբակալուած յանցագործներուն մեծ մասը լիբանանցիներ չեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ապրի «մինի» քաղաքացիական պատերազմ մը, որ կրնայ տարածուիլ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանցեալ երեկոյեան ունեցած են հեռաձայնային երկար հաղորդակցութիւն մը, որուն հիման վրայ կարելի եղած է Հըզպալլայի պատկանող բնակարանները յանձնել բանակին:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը Ահմետ Ասիրի հարցը լուծած է եւ լիբանանեան պետութեան տուած քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու պատասխանատուութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալպեր Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեամբ կը դժուարանայ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ խմբաւորում կրնայ բանակին պարտականութիւններուն դէմ դնել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ բանակին զօրակցութիւնը մնայուն է` աւելցնելով, որ հինգերորդ շարասիւնը թիրախ կը դարձնէ Լիբանանը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ բանակը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ եւ բոլոր շրջաններուն մէջ պէտք է վարուի թափանցիկութեամբ:

ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ շարժումի շէյխերէն Օմար Պաքրի Ֆըսթոք յայտնեց, որ Ահմետ Ասիր ողջ առողջ է եւ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մօտակայքը ապահով տեղ մը կը գտնուի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը զգայուն է` աւելցնելով, որ տիրող մթնոլորտը բաւական վախազդու է:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի բնակարանները Սայտայի քաղաքացիներուն վտանգ չէին սպառնար:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ կը կատարուին հաղորդակցութիւններ` լուծելու համար բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով տարակարծութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի կոչ ուղղեց յաւելեալ միասնականութեան եւ համագործակցութեան` դիմադրելու համար բոլոր դաւադրութիւններուն:

 

Նախորդը

«Եթէ Մեր Եւ Ամերիկեան Կողմին Միջեւ Համաձայնութիւն Գոյանայ, Հարցերը Յառաջ Պիտի Ընթանան» Ըսաւ Լաւրով

Յաջորդը

Զահլէի Մէջ Պայթում

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.