Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պաղեստինի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Թրքական Արտաքին Քաղաքականութեան Զուգահեռ Է» Ըսաւ Հանիյէ

June 29, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իսմայիլ Հանիյէ

«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Կազայի մէջ Համասի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ իր գրասենեակին մէջ թուրք լրագրողներու փոքր խմբակի մը հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ Կազա անհամբեր կը սպասէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այցելութեան:

«Էրտողանի այցելութիւնը պատմական պիտի ըլլայ, եւ ամբողջ աշխարհը պիտի տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս մեր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնենք», ըսած է ան:

Ընդգծելով, որ Կազայի բնակիչները Թուրքիան իբրեւ բնորդ երկիր մը կը նկատեն, Հանիյէ Էրտողանի այցելութիւնը «Կազայի դէմ իսրայէլեան շրջափակման վերացման ուղղութեամբ մեծ քայլ մը» նկատած է:

«Պաղեստինի արտաքին քաղաքականութիւնը թրքական արտաքին քաղաքականութեան զուգահեռ է: Թուրքիա Պաղեստինի համար բնորդ երկիր մըն է», ընդգծած է ան:

«Վարչապետ Էրտողան միշտ կը յայտնէ, որ Համաս եւ Ֆաթհ պէտք է իրարու հետ հաշտուին, եւ անոր այցելութիւնը կրնայ (պաղեստինեան շարժումներուն միջեւ) հարցերուն լուծում մը բերել», աւելցուցած է ան:

Մինչ այդ, չորեքշաբթի օր Կազայի Իսլամական համալսարանին մէջ տեղի ունեցած աւարտական հանդէսի մը ներկայ գտնուած պաղեստինցի ուսանողները Էրտողանի լուսանկարներ եւ թրքական դրօշներ բարձրացուցած են:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հաստատեց, որ Էրտողան ոչ միայն Կազա, այլ նաեւ պաղեստինեան հողամասերուն մէջ այլ վայրեր եւս պիտի այցելէ: «Այդ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ կարելի եղածին չափ շուտ», ըսաւ ան:

Նախորդը

Անգարայի Մէջ Բախում` Ցուցարարներուն Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ

Յաջորդը

«Եթէ Մեր Եւ Ամերիկեան Կողմին Միջեւ Համաձայնութիւն Գոյանայ, Հարցերը Յառաջ Պիտի Ընթանան» Ըսաւ Լաւրով

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.