Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երբեք Երկրին Մէջ Ներքին Լարուածութիւնը Այնքան Սուր Չէ Եղած, Որքան Այսօր» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

June 27, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղուան Վարդանեան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան 26 յունիսին «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ երկրին մէջ ներքին լարուածութիւնը երբեք այնքան սուր չէ եղած, որքան այսօր: Երկրին մէջ կը տիրէ բարոյահոգեբանական ծանր մթնոլորտ, ազգային-պետական արժէքներու նահանջ, հեռանկարի բացակայութիւն, արտագաղթի տրամադրութիւններ, ինչպէս նաեւ այս բոլորի խորապատկերին վրայ կառավարութեան կամ իշխող մեծամասնութեան մէջ որոշակի հոլովոյթներ, Վերահսկիչ պալատ-կառավարութիւն ակնյայտ հակասութիւն, արտերկրային առեւտրական գայթակղութիւններ, խախտումներ մարզերուն մէջ, ամէն օր յուզումներ գիւղերուն մէջ, կազի, ուժանիւթի հարցեր:

Ըստ Վարդանեանի, ՀՅԴ-ի մէջ աշխուժ ներքին քննարկումներ տեղի կ՛ունենան վերաիմաստաւորելու վերջին տարիներու գործունէութիւնը, բացթողումները, սխալները, հասկնալու երկրին իսկական վիճակը եւ ՀՅԴ-ի դերակատարութիւնը:

«Անկախ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններու բնոյթէն, պարզ է, որ մենք տակաւին չենք կրցած մեր հասարակութեան լայն հատուածներուն մէջ վստահութիւն, հաւատք եւ մեր կողքին կանգնելու վստահութիւն յառաջացնել եւ ասիկա մեզի համար կարեւոր քննարկումներու, ներքին բարեփոխումներու շրջան մըն է, եւ ես կը կարծեմ, որ յառաջիկային նաեւ հասարակութիւնը մեր քննարկումներուն աւելի բաց ականատես պիտի ըլլայ: Կը կարծեմ, որ առնուազն յառաջիկայ տարուան ընթացքին ճիշդ պիտի ըլլայ, որ նախ եւ առաջ զբաղինք մեզմով, մեր ներքին բարեփոխումներով, եւ փորձենք վերականգնել մեր քաղաքացիներուն, մեր հասարակութեան զգալի հատուածին վստահութիւնը: Վստահ եմ, որ անոր հիմքերը կան», յայտարարեց Աղուան Վարդանեան:

Ան իշխանութեան մէջ կը նկատէ տարակարծութիւններ եւ հակասութիւններ, բայց պարզ չէ, թէ ասիկա ո՛ւր պիտի տանի:

Ըստ Վարդանեանի, ատոր հիմնական պատճառներէն մէկը քաղաքական կեանքի գերմենաշնորհային ըլլալու երեւոյթն է, բոլորը կը սպասեն նախագահի խօսքին, թէ ինչպէ՛ս պիտի կողմնորոշուի, ի՛նչ պիտի ըսէ այս կամ այն անձին վերաբերեալ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը ցանկութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ աշնան սկիզբը նախագահը դիմէ ժողովուրդին ուղերձով մը, որուն մէջ նշէ երկրին ուղենիշները եւ զարգացման կարելիութիւններն ու յստակ խաղի կանոնները:

Աղուան Վարդանեան յայտարարեց, որ թէեւ հասարակութեան կողմէ Դաշնակցութենէն ակնկալիքները միշտ ալ մեծ եղած են, բայց Դաշնակցութեան մէջ ալ կան ներքին խնդիրներ, դժուարութիւններ, սակայն համոզուած է, որ այս վիճակէն դուրս պիտի գան, իսկ անոր համար պէտք չէ ընտրութիւններուն սպասել:

Անդրադառնալով վարչապետի անուան հետ կապուած արտերկրային առեւտրական գայթակղութեան խայտառակութեան` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը նկատել տուաւ, որ հիմնական հարցը այն է, թէ արդեօք կա՞յ այսպիսի բան, թէ՞ ոչ:

Ըստ Վարդանեանի, Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին այսօրուան իրավիճակին մէջ, իրաւապահ մարմիններու այսօրուան վստահութեան աստիճանի պարագային անկարելի է ակնկալել, որ զուտ իրաւապահ մարմիններու միջոցով պարզաբանուի խնդիրը, եւ բոլորը անոր կը հաւատան: Ան անգամ մը եւս յայտնեց, որ ճիշդ պիտի ըլլար, որ հարցին շուրջ անհրաժեշտութեան պարագային Ազգային ժողովի ժամանակաւոր յանձնախումբ մը ստեղծուէր:

Վարդանեան նշեց, որ այս արտերկրային առեւտրական գայթակղութեան պատմութիւնը համապետական խնդիր է եւ պէտք է մինչեւ վերջ պարզաբանուած մնայ, այլապէս ազգային ապահովութեան հարց կը ստեղծուի:

Դաշնակցական պատգամաւորը չցանկաց դատողութիւններ կատարել վարչապետի հրաժարականին վերաբերեալ եւ նշեց, որ այլ երկիրներուն մէջ այս հարցերուն տասներորդականն ալ բաւարար էր, որ վարչապետը հրաժարական տար:

 

 

 

Նախորդը

«Ազրպէյճանական Դրօշը Դարձեալ Պիտի Ծածանի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Բարձր Գնահատեց Լեհաստանի Հետ Հաստատուած Դարաւոր Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.