Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Կը Շարունակէ Ապրայի Ականուած Շէնքերուն Վնասազերծումը Եւ Կը Բացայայտէ Գետնափոր Այլ Փապուղիներ

June 27, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ասիրի եւ նախկին երգիչ Ֆատըլ Շաքերի բնակարանները

Ապրայի մէջ ապահովական կայունութիւնը կը մնայ անխախտ եւ Սայտայի մէջ կեանքը կը սկսի վերահաստատուիլ, մինչ բանակը կը շարունակէ Ահմետ Ասիրի ապահովական կղզիին խուզարկումը` բացայայտելով գետնափոր նոր փապուղիներ, որոնք ապահովական կղզին շրջապատող բնակարանային համալիրները զիրար կը կապեն` վնասազերծելով այդ կղզիին շրջակայքը գտնուող ականներ, ինչպէս նաեւ ձերբակալելով Ասիրի հետեւորդ զինեալներ:

Բանակը բացայայտեց նաեւ գերարդիական տեսախցիկներ (քամերա), որոնք յստակ կերպով ցոյց կու տային բանակի զինուորներուն գտնուած վայրը` զանոնք արձակազինութեան թիրախ դարձնելու նպատակով:

Բանակը յայտնաբերեց զէնքի եւ զինամթերքի երկու պահեստանոցներ, որոնք կը պարունակէին մեծ քանակութեամբ զէնքեր:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ուղղուեցաւ Սայտա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, Նասըրական շարժումի նախագահ Ուսամա Սաատի եւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ:

Իր ունեցած հանդիպումներէն ետք, Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ Ապրայի բախումները արդէն իսկ իրենց ետին կը գտնուին եւ աւելցուց, որ Սայտայի մէջ ամբողջական ապահովական կայունութիւնը կը հաստատուի, երբ լիբանանեան բանակը իր հակակշիռը կը պարտադրէ ամբողջ քաղաքին վրայ:

Ապրայէն բարձրացող սեւ մուխը ցարդ չէ հանգած` նկատի ունենալով բանակին կողմէ պայթեցուող հրթիռները:

Զօր. Քահուաժի կը ստուգէ վիրաւորի մը վիճակը

Ապահովական ծրագիրին գործադրութեան շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակը տակաւին կը հետապնդէ Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթէն փախուստ տուած զինեալները Պուսթան Քապիրի, Պարրատի, Սապպաղի, Ապրայի եւ Մեժտալիունի մէջ` հասնելով մինչեւ Թաամիրի շրջան:

Բանակը երէկ մեծ թիւով ձերբակալութիւններ կատարեց եւ կոչ ուղղեց այլոց անձնատուր ըլլալու:

Ձերբակալուող յանցագործներուն մէջ կը գտնուէին նաեւ ոչ լիբանանցիներ:

Սայտայի իսլամ կրօնաւորները հաստատեցին բանակին նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը եւ խստիւ դատապարտեցին անոր դէմ գործուած արարքը:

Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսան երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց Սայտայի իրադարձութիւնները:

Ան մերժեց գոյութիւնը Սայտայի մէջ ազատ ձգուած զինեալ այլ խմբաւորումներու, որոնք իրենց քմահաճոյքին համաձայն կը գործեն:

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ուղղուեցաւ Պատարոյի զինուորական հիւանդանոցը, ուր այցելեց Սայտայի մէջ վիրաւորուած զինուորներուն. ան դրուատեց անոնց զոհողութիւնները եւ նուիրումը, ինչպէս նաեւ անոնց բարի ապաքինում մաղթեց:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Հետեւեցաւ Ապրայի Մէջ Տիրող Կացութեան

Յաջորդը

Ըստ «Ձախողած Երկիրներու» Աղիւսակին. Հայաստան Իր Շրջանի Ամէնէն Կայացած Պետութիւնն Է, Իսկ Լիբանանը` «Վտանգուած Երկիրներ»-ու Շարքին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.