Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրազիլի Մէջ Ազրպէյճանամէտ Հակահայկական Բանաձեւը Տապալած Է

June 22, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ յունիսի սկիզբը հաղորդած էին իրենց երկրի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի` պրազիլական պատուիրակութեան հետ հանդիպումներու մասին: Վերջինս գլխաւորած են երեսփոխաններ Նելսըն Փելլեկրինոն եւ Քլաուտիօ Քախան:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պրազիլի հայ համայնքի «Էսթաքաօ Արմենիա» կայքէջի սիւնակագիր փրոֆ. Ճէյմս Օննիկ Թամճեան յայտնած է, որ Փելլեկրինօ եւ Քլաուտիօ Քախա թրքական լոպիիստներ են: Անոնցմէ առաջինը իշխող կուսակցութեան անդամ է, իսկ երկրորդը` ընդդիմադիր դեմոկրատական:

«Տարօրինակ է, որ երկու հակառակորդ կուսակցութիւններուն մէջ այս հարցով միասնաբար կը գործեն», նշած է Թամճեան: Պրազիլացի երկու երեսփոխանները խոստացած են երկրի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու եւ ազգային պաշտպանութեան յանձնախումբին ներկայացնել դիմում մը, որուն միջոցով կ՛առաջարկեն Պրազիլի աջակցութիւնը Ազրպէյճանին եւ կը պահանջեն հայկական զօրքերու դուրսբերումը Լեռնային Ղարաբաղի տարբեր շրջաններէն` վկայակոչելով ՄԱԿ-ի որոշ բանաձեւեր:

Պրազիլահայ համայնքը նաեւ նշեալ կայքին միջոցով իրականացուցած է իրազեկման լայն արշաւ` յորդորելով քաղաքացիներու բողոքի ձայն բարձրացնել ազրպէյճանական գաղափարախօսութեամբ տարուած այս երկու քաղաքական գործիչներուն եւ անոնց քայլերուն դէմ: Պրազիլի հայ համայնքի ներկայացուցիչները եւ Պրազիլիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Եղիազարեան եւս բողոքի նամակ յղած են:

Այդ աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, ըստ Պրազիլի խորհրդարանի ստորին պալատին հաղորդած տեղեկատուութեան, խորհրդարանի քննարկման ներկայացուած հակահայկական առաջարկ-պահանջը դուրս բերուած է օրակարգէն: Ազրպէյճանամէտ դիմումը դուրս բերուած է նաեւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի օրակարգէն, թէեւ, ըստ Թամճեանի, գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ 10 յուլիսին այդ բանաձեւը դարձեալ կրնայ ներկայացուիլ:

Նախորդը

Օրը-Օրին. Դժուար Է Հաւատալ

Յաջորդը

Ալիեւ. «Բարձր Կը Գնահատենք Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.