Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ ԲՈՒՌՆ ԿԵՐՊՈՎ ԿԸ ՌՄԲԱԿՈԾԷ ԹՐԻՓՈԼԻՆ

May 25, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի ռմբաձիգները երէկ մինչեւ օրս իրենց ամէնէն բուռն յարձակումը գործեցին Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի դէմ, ուր հարուածեցին տարբեր թիրախներ, որոնց շարքին էր լիպիական գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնը: Արձանագրուեցաւ 19 զոհ եւ շուրջ 150 վիրաւոր:

Յարձակումը շուրջ կէս ժամ շարունակուեցաւ, լիպիական մայրաքաղաքին մէջ աւելի քան 15 պայթումներ լսուեցան եւ թիրախ դարձած վայրերէն ծուխի սիւներ բարձրացան: Ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան, առնուազն 21 պայթումի ձայներ լսուած են:

ՕԹԱՆ-ի ռմբաձիգները դարձեալ թիրախ դարձուցին Մոամմար Քազզաֆիի կեդրոնատեղին եղող համալիրը, որ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատումէն ի վեր բազմաթիւ անգամներ ռմբակոծուած էր:

Միւս կողմէ, Յորդանան երէկ յայտարարեց, որ Լիպիոյ ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդը կը ճանչնայ իբրեւ լիպիացի ժողովուրդին օրինական ներկայացուցիչը եւ կը պատրաստուի մօտ օրէն Պենկազիի մէջ մնայուն պատուիրակ մը նշանակելու: Շարք մը այլ երկիրներ, ներառեալ` Ֆրանսա, Իտալիա եւ Քաթար ճանչցած են խորհուրդը, իսկ Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնն ու այլ երկիրներ Պենկազիի մէջ դիւանագիտական գրասենեակներ բացած են:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի մերձաւորարեւելեան հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման, երէկ չճանչցաւ խորհուրդը, սակայն զայն լիպիացիներու հաւաստի ձայն մը նկատեց: «Մենք Քազզաֆիի եւ իր մարդոց հետ չենք խօսիր: Իրենք ալ մեզի հետ չեն խօսիր: Անոնք իրենց օրինականութիւնը կորսնցուցած են: Մենք կ՛աշխատինք մարդոց հետ, զորս օրինական, ներկայացուցչական եւ հաւաստի կը նկատենք», ըսաւ ան: Ֆելթման Պենկազիի մէջ նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսը մօտ օրէն քուէարկութիւն պիտի կատարէ արտօնելու համար, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ լիպիական վարչակարգին սառեցուած գումարները Լիպիոյ մէջ օգտագործուին միայն մարդասիրական օժանդակութեան համար:

Ֆելթման յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Լիպիոյ մէջ մարդասիրական տագնապի լուծման համար 53.5 միլիոն տոլար տրամադրած են` շեշտելով, որ այդ գումարը ուղղուած է «ոչ մահաբեր» օժանդակութեան: Լիպիացի ըմբոստներուն ղեկավարները ողջունեցին դիւանագիտական կապը, սակայն նշեցին, որ միայն աւելի լաւ զէնքերու ձեռքբերումը պիտի օգնէ, որ իրենք պարտութեան մատնեն Քազզաֆին: Անոնք նաեւ յայտարարեցին, որ մօտ օրէն Փարիզի մէջ գրասենեակ պիտի բանան:

 

Նախորդը

ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ. ԻՐԱՆԵԱՆ ՔԱՐԻՒՂԻ ԶՏԱՐԱՆԻ ՄԸ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ ԶՈՀ ՄԸ ԵՒ 22 ՎԻՐԱՒՈՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

Յաջորդը

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐԱՊԷՍ Կ՛ԱՌԿԱԽԷ ԻՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԵՑԱՆ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.