Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ութերու Խմբակը «Ժընեւ-2»-ի Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Գումարումը Կը Պահանջէ

June 19, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ութերու խմբակի ժողովէն պահ մը

Ութերու խմբակի անդամ երկիրները երէկ իրենց ժողովի աւարտին յայտարարեցին, որ «մենք վճռակամ ենք միասնաբար գործելու` Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար»: Անոնք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան վտանգին առնչութեամբ «խոր մտահոգութիւն» յայտնեցին եւ պահանջեցին Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարել:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը մատնանշեց, որ Ութերու խմբակի հաղորդագրութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման վերաբերեալ ակնարկ չի բովանդակեր:

Լաւրով. «Ժընեւ-2»-ը Սուրիական
Վարչակարգի Տապալումը Չի Նշանակեր»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քուէյթեան ՔՈՆԱ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը սուրիական վարչակարգի տապալումը չի նշանակեր` նշելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք չէ խաղաղութեան խորհրդաժողովին նախապայմաններ ճշդէ:

Լաւրով ընդգծեց, որ «Սուրիոյ մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտի եւ «մարդասիրական միջանցքներ» ստեղծելու կոչերը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարման չեն նպաստեր»:

Լաւրով նաեւ նշեց, որ «որդեգրումը փաստաթուղթերու, որոնք միայն սուրիական իշխանութիւնները պատասխանատու կը նկատեն երկրին մէջ կատարուող իրադարձութեանց, սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու մտադրութիւն յայտարարելը, թռիչքներու արգիլեալ գօտի եւ մարդասիրական միջանցքներ բանալու կոչերը խորհրդաժողովի պատրաստման չեն նպաստեր»:

Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի` սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու որոշումը «իմաստուն» նկատեց` նշելով, որ «աշխարհի յոռեգոյն ահաբեկիչները շրջան կ՛ուղղուին եւ իրենց հետ քանդում կը բերեն»:

Ան նշեց, որ «անոնք Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ կը սպաննեն: Ուր որ գտնուին, արաբական ինքնութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն»:

Օպամա–Փութին Հանդիպումը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի միջեւ հանդիպումը, որ պէտք էր մէկ ժամ տեւէր, աւարտած է 1 ժամ 50 վայրկեան ետք:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են միջազգային իրադարձութեանց առնչուող հարցեր, մասնաւորաբար` Իրանի մէջ կատարուած նախագահական ընտրութիւնները: Փութին յոյս յայտնած է, որ Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանին պիտի նպաստէ հիւլէական ծրագիրի լուծման: Իսկ Օպամա նշած է, որ իր երկիրը նոյնպէս դրական կը գնահատէ ընտրութիւնները` յոյս ունենալով, որ նոր նախագահը վերսկսի խնդիրի լուծման շուրջ բանակցութիւններուն:

Բանակցութիւններուն երկրորդ կարեւոր նիւթը կը վերաբերէր Սուրիոյ: Փութին եւ Օպամա համաձայնած են, որ տագնապին կողմերը պէտք է անպայման մասնակցին Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին: Նախագահները ընդգծած են, որ տարբեր կարծիք ունին Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ, սակայն կ՛ուզեն վերջ դնել բռնարարքներուն:

 

Նախորդը

«Թուրք Ժողովուրդը Ժողովրդավարութեան Կողքին Կանգնեցաւ, Եւ Մենք Այս Տագնապէն Յաջողութեամբ Դուրս Եկանք» Ըսաւ Էրտողան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.