Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

March 8, 2011
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաշխարհային տարողութեամբ տօնակատարուող Միջազգային Օրերու շարքին իր առանձնայատուկ տեղը կը գրաւէ «Կանանց միջազգային օրը»:

Մարտ 8-ին, աշխարհի չորս կողմը լուսարձակները կը կեդրոնանան կանանց վրայ` մարդկային քաղաքակրթութեան մէջ կնոջ վերապահուած տեղն ու դերը արժեւորելու եւ մեծարելու համար:

Ինչպէս ծանօթ է 20-րդ դարու սկիզբը բազմաթիւ կիներ մուտք գործեցին աշխատանքի ասպարէզ` ցած աշխատավարձեր ստանալով եւ վատ պայմաններու մէջ ստիպողաբար աշխատելով:

20-րդ դարու սկիզբը արագընթաց թափով ծագում առին կանանց արհեստակցական միութիւնները թէ՛ Եւրոպայի, եւ թէ մանաւանդ, Միացեալ Նահանգներու մէջ:

1905-ին Նիւ Եորքի մէջ, հիւսուածեղէնի գործարանի մը մէջ աշխատող կիներ փողոց իջան` բողոքի ցոյցերով իրենց իրաւունքները  պաշտպանելու համար: Աշխատանքի պայմաններու եւ աշխատավարձերու բարելաւման պահանջներով պայքարի ալիք մը արձագանգ եւ տարածում գտաւ աշխարհի չորս ծագերուն:

Ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կողմնորոշում  ունեցող ամերիկեան եւ եւրոպական կուսակցութիւններու կին գործիչները իրենց պատկանած կուսակցութիւններէն պահանջեցին, որ միանան եւ ղեկավարեն կիներու անհաւասարութեան դէմ սկսած պայքարը:

Այդպէս ալ եղաւ: Երկրորդ Միջազգայնականի Քոփենհակընի համագումարին որոշումը իր առաջին գործադրութիւնը ստացաւ… 8 մարտ… 1910-ին, երբ ամէնուր ընկերվարական կուսակցութիւնները միացան կիներու կազմակերպութիւններուն` միասնաբար բողոքի հաւաքներով եւ ցոյցերով նշելու համար «Կանանց միջազգային օրը»:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի մէջ կնամեծարութեան բացառիկ տօնի վերածուած է 8 մարտը: Անիկա ո՛չ միայն արձակուրդի օր է, այլեւ` կանացի գեղեցկութեան նուիրուած խանդաղատանքի տօն դարձած է:

Հայաստասնի մէջ ոչ միայն մեծ խանդավառութեամբ կը նշուի այս օրը, այլեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի որոշումով, պետական տօներու շարքին աւելցած է մարտ 8-ը, որպէս Կանանց միջազգային օր` պահպանելով նաեւ նախապէս հաստատուած ապրիլ 7-ի տօնը` որպէս Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օր:

***

Այսօր ամէնուր կը տօնուի Կանանց միջազգային օրը, որ իր սկզբնական, գաղափարական մարտունակութենէն շատ բան կորսնցուցած ըլլալով հանդերձ, առիթ է անդրադառնալու, թէ որքան ճամբայ քալած է մարդկութիւնը հաւասարութեան եւ յառաջդիմութեան իմաստով: Առիթ է անդրադառնալու նաեւ միասնականութեան իմաստին ու հետեւողական աշխատանքի կարեւորութեան, որ շինիչ ձեռքբերումներու կ՛առաջնորդէ իմաստալից փոփոխութիւններ յառաջացնելով ընկերութիւններուն մօտ:

Նախորդը

ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՀԱՅՈՒՀԻԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

RelatedPosts

Հոգեբանին Կարծիքով.  Մանուկին Առաջին Եւ Կարեւորագոյն Ամրոցը Անոր Տունն Է
Կնոջական

Հոգեբանին Կարծիքով. Մանուկին Առաջին Եւ Կարեւորագոյն Ամրոցը Անոր Տունն Է

November 19, 2026
Հետաքրքրական.  Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը
Կնոջական

Հետաքրքրական. Յուշարձանի Մը Պատմութիւնը

November 12, 2026
Ի՞նչ Կ՛ուզէ Դպրոցէն Վերադարձող Երեխան
Կնոջական

Ի՞նչ Կ՛ուզէ Դպրոցէն Վերադարձող Երեխան

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.