Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Սուրիոյ Տագնապին Միջամտող Ուժերուն Վերջիններէն Ենք, Ուրիշներ, Որոնց Մէջ Նաեւ Մուսթաքպալ Հոսանքը, Կանխած Են Մեզի» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

June 15, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վիրաւոր մարտիկի օրուան առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ Քուսէյրի ճակատամարտէն ետք կացութիւնը նոյնն է, «մենք պիտի ըլլանք հոն, ուր որ պէտք է ըլլանք», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց երկրին մէջ օրական դրութեամբ հնչող գրգռութիւն յառաջացնող յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ կրօնական հրահանգները, որոնք տարբեր կողմերը «կը հրաւիրեն» սպաննելու, քանդելու եւ արիւնահեղութեան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ անցեալ կիրակի օր իրանեան դեսպանատան մօտակայքը սպաննուած երիտասարդին իրաւունքը պէտք է հետապնդել` աւելցնելով, որ այդ արարքը դատապարտելի է:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը դատապարտեց նաեւ տարբեր լրատուամիջոցներուն տարածած լուրերը, որոնք կը միտին Պեքաայի մէջ սիւննի-շիի գրգռութիւններ հրահրել. ան հերքեց այն յայտարարութիւնները, թէ Արսալէն հրթիռարձակում կը կատարուի:

«Պեքաան հարուածող հրթիռներուն աղբիւրը Սուրիոյ զինեալ խմբաւորումներն են, եւ հարկ է լուծում գտնել այդ հարցին», ըսաւ ան:

Սուրիոյ տագնապին շրջագիծին մէջ` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ տասնեակ հազարաւոր զինեալներ կը բերուին Սուրիա` աւելցնելով, որ Հըզպալլա Սուրիոյ տագնապին միջամտող ուժերուն վերջիններէն է:

«Ուրիշներ, ինչպէս Մուսթաքպալ հոսանքը եւ այլ լիբանանեան քաղաքական ուժեր կանխած են մեզի: Սակայն եթէ մեր միջամտութիւնը սուրիական ընդդիմութեան ի նպաստ ըլլար, ապա կը դառնայինք հերոսներ: Սակայն մենք մեր երիտասարդները Սուրիա ղրկելու պարագային չենք ձեւացներ, որ կաթ եւ ծածկոց կ՛ուղարկենք: Իսկ երբ մեր նահատակներուն յուղարկաւորութիւնը կատարելու ըլլանք, ապա մեր երիտասարդները Սուրիոյ մէջ չենք թաղեր եւ անոնց ընտանիքները չենք պարտադրեր, որ լուռ մնան: Մենք ճակատաբաց կը կռուինք եւ յուղարկաւորութիւնը օր ցերեկով կը կատարենք», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը կ՛ուղղուի դէպի այնպիսի ուղի մը, որուն բոլոր հետեւանքները նախատեսուած են` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են հանդուրժելու զանոնք:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Հըզպալլա Ծոցի երկիրներուն մէջ անդամներ չունի եւ ոչ մէկ ծրագիրներ ունի այդ երկիրներուն մէջ:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Վաւերացուց Պետական Պաշտօնեաներուն Եւ Ուսուցիչներուն Յաւելումներուն Որոշումը Եւ Զայն Փոխանցեց Խորհրդարան

Յաջորդը

Կիպրոսի Հայկական Ս. Աստուածածին Եկեղեցին Վերաբանալու Առաջարկ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.