«Իրան միշտ դրական դեր ունեցած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ», յայտարարեց Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհսեն Փաք Ային:
Ըստ անոր, Իրան կը ցանկայ, որ շրջանին մէջ կայունութիւն ու սէր տիրէ: «Ղարաբաղի հետ կապուած որեւէ անկայունութիւն լրջօրէն կ՛ազդէ Իրանի ապահովութեան վրայ», նշեց ան:
«Անհրաժեշտ է, որ տագնապը լուծուի որքան կարելի է մօտ ապագային: Հաշուի առնելով այն փաստը, որ Իրան տագնապի կողմերուն հետ համագործակցող երկիր է եւ ունի միջնորդական առաքելութեան իրականացման փորձառութիւն, կրնայ յայտարարել, որ Թեհրան պատրաստ է աջակցելու տագնապի լուծման` այլ խաղաղասէր երկիրներու հետ միասին», յայտնեց Իրանի դեսպանը:


