Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստին Ընթացքին «Ազրպէյճանի Մէջ Դրուած Ականները Կը Սպառնան Պայթիլ Միաժամանակ» Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան

June 6, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն պահ մը

Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:

Նիստին ներկայ եղան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գորիկ Յակոբեան, ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան, Զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Եուրի Խաչատուրով:

Օրակարգի հարցերու շրջագիծին մէջ քննարկուեցան Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան եւ տեղական ինքնակառավարման հաստատութենական ամրապնդման հարցերը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ ոչ ոք կը վիճարկէ երկրին մէջ առկայ բազմաթիւ դժուարութիւնները, սակայն նաեւ շեշտեց, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացման միտումները խոստմնալից են եւ տնտեսութեան մէջ վերականգնուած է նախաճգնաժամային վիճակը: Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ատիկա չի նշանակեր, որ իրենք «պէտք է բաւարարուած ըլլան կամ նոյնիսկ գոհ»:

«Մենք պէտք է մարզ առ մարզ մեր տնտեսութիւնը վերափոխենք թէ՛ ձեւի, թէ՛ բովանդակութեան առումով: Աստիճանաբար կարկուտներու հետեւանքներուն դէմ պայքարելու փոխարէն պէտք է սկսինք հակակարկտային ցանցեր արտադրել տեղւոյն վրայ եւ այլ բարեփոխումներ իրականացնել», յայտնեց Սերժ Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Ազրպէյճանին` մասնաւորաբար, այն հանգամանքին, որ «այդ երկրին իշխանութիւնները փոխանակ զբաղին սեփական հարցերով, լծուած են Հայաստանի հարցին դարման ըլլալու գործին»: Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ 3-4 տարիէն շրջանին մէջ պատկերը լիովին պիտի փոխուի եւ Հայաստանը պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր:

«Փորձագէտները ազրպէյճանական անխուսափելի ֆիասքոյին արդէն երկու-երեք տարիէ ի վեր կը սպասեն: Հետեւելով դասական բռնապետութեան կանոններուն` այդ երկրին իշխանութիւնները զբաղած են միայն սեփական ժողովուրդին հայկական թշնամիի կերպար հրամցնելով եւ գարշահոտ պատկերացումներ տարածելով մեր մասին: Մինչդեռ Ազրպէյճանի մէջ դրուած հասարակական-քաղաքական եւ տնտեսական ականները կը սպառնան պայթիլ եւ պայթիլ շատ արագ ու կարծես` միաժամանակ: Քարիւղի եւ կազի արդիւնահանման քրոնիկ անկումին պայմաններուն մէջ դրացի պետութեան իշխանութիւնները կը շարունակեն կուտակած միջոցները այնպէս ծախսել, ինչպէս չէին կրնար ծրագրել նոյնիսկ անոնց հակառակորդները: Միւս կողմէ, կու գան անթաքոյց բռնապետութեան կամ բռնապետական դրութեան հետեւանքները: Ընդդիմախօսները բանտարկելը, ազատ մամլոյ գոյութեան մասին գրեթէ տեղեակ չըլլալը, հարկադրանքը, ահռելի փտածութիւնը կրկնակի ուժգնութեամբ պիտի յիշեցուին այս երկրին մէջ քարիւղի եկամուտի նուազման զուգընթաց», ըսաւ Հայաստանի նախագահը` աւելցնելով, որ եթէ երկու տարի առաջ ազրպէյճանցի երիտասարդները կը վախնային եւ կը լռէին, այսօր արդէն թեկուզ փոքր խումբերով, բայց արդէն կը քննարկեն, որ խօսք ըսելու ժամանակը շուտով պիտի գայ:

«Մենք պիտի շարունակենք մեր տնտեսութեան արդիականացումը եւ բազմազանութիւնը քանի մը տարի ետք սպասուող շրջանային նոր վերադասաւորումներուն մէջ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստանալու համար: Եւ մենք այդ ճամբուն վրայ ենք, ուր վայրկեան մը նոյնիսկ կանգնիլ կարելի չէ: Կարելի չէ յապաղիլ», ամփոփեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախորդը

Ըստ «Թրենտ» Լրատու Գործակալութեան. Հայկական Եւ Ազրպէյճանական Կողմերը Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Յաջորդը

Ակնարկ. Ներթրքական Ալիքը Եւ Հայկական Հայեցակէտեր Ճշդելու Պահը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.