Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ. Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Քերրիի Հետ

June 6, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նալբանդեան եւ Քերրի

Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:

Ողջունելով Նալբանդեանը` Քերրի նշեց, որ ըլլալով Մասաչուսեթս նահանգէն, ուր գոյութիւն ունի հայկական մեծ համայնք, լաւ ծանօթ է Հայաստանի առջեւ դրուած խնդիրներուն: Ըստ  Քերրիի, Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ գործընկեր են տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ: Հայաստան իր նպաստը կը բերէ Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան ապահովման ուժերուն եւ կարեւոր դեր կը կատարէ Քոսովոյի մէջ խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ:

«Մենք կարեւոր կը նկատենք երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը, ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ բարեկամ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը», ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար`  նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ ինք ուրախ է Ուաշինկթըն գտնուելով եւ հանդիպում ունենալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Քերրիի հետ` քննարկելու Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բարեկամական գործընկերութիւնը ամրապնդելու ուղիները:

Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ փոխադարձ գործակցութիւն հաստատած են միջազգային բեմահարթակին վրայ, ներառեալ` տարբեր մարզերու մէջ, ինչպէս` շրջանային եւ միջազգային ապահովութիւնը, զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տարածման կասեցումը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցութիւնը` Քոսովոյէն մինչեւ Աֆղանիստան, ինչպէս նաեւ այլ համաշխարհային մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: Ըստ Նալբանդեանի, Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ միակարծիք են, որ անհրաժեշտ է ջանքերը շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման նպատակով` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն հիման վրայ, մասնաւորաբար ուժ կամ ուժի սպառնալիք չօգտագործելու, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան: Երկու երկիրները նաեւ միակարծիք են, որ Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին առանց նախապայմաններու: Նախարարը աւելցուց, որ երկու կողմերը կը կիսեն ժողովրդավարութեան, հիմնարար ազատութիւններու, մարդկային իրաւունքներու եւ շուկայական տնտեսութեան տեսլականը:

«Նախորդ քսան տարիներուն ընթացքին` մեր անկախութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներ կարեւոր աջակցութիւն ցուցաբերած են Հայաստանին եւ մենք շնորհակալ ենք անոր համար: Ես կը ցանկամ օգտագործել այս կարելիութիւնը, որպէսզի արտայայտեմ մեր երախտագիտութիւնը նախագահ Օպամայի վարչակազմին` հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար: Մեր յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին բարձրագոյն մակարդակի վրայ, եւ վստահ եմ, որ միասնական ջանքերու շնորհիւ մենք պիտի կարենանք նոր բարձունքներու հասցնել փոխադարձ գործակցութիւնը: Մեր երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ վստահութիւնը եւ փոխադարձ ըմբռնումը ատիկա ընդլայնելու լաւագոյն երաշխիքն է», ընդգծեց նախարար Նալբանդեան:

Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու տարբեր մարզերուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները եւ այդ նպատակով իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: Անոնք անդրադարձան նաեւ երկկողմանի միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն, կարեւոր նկատեցին մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբը եւ «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագիրի գործունէութեան վերսկսումը Հայաստանի մէջ:

Ճոն Քերրի վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը շարունակել աջակցութիւնը Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ: Քերրի ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, պիտի շարունակեն իրենց ամբողջական աջակցութիւնը տագնապի կողմերուն միջեւ համաձայնութեան ձեռք բերման եւ տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով, ինչ որ նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Հարաւային Կովկասի շրջանի զարգացման, կայունացման եւ ապահովութեան ամրապնդման համար:

Ընդունելով Հայաստան այցելելու հրաւէրը` Ճոն Քերրի տեղեկացուց, որ ցանկութիւն ունի այդ այցելութիւնը իրականացնել այս տարուան ընթացքին:

Նախորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Մասնակցեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի Շրջանային Յանձնախումբի Ժողովին

Յաջորդը

Ըստ «Թրենտ» Լրատու Գործակալութեան. Հայկական Եւ Ազրպէյճանական Կողմերը Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.