Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՉՔԵՐՈՎ ԿԸ ԴԻՏԵՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԸ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՊԸՐՐԻ

May 23, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին Մսայլեհի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին նշեց, որ իրենք կը մաղթէին Սպիտակ տունէն կամ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն լսել հետեւեալը. «Նեթանիահու եւ իսրայէլեան քաղաքական ամբողջ վերնախաւը պէտք է անսան շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու պահանջին` իրականացնելով պաղեստինցի ժողովուրդին երազը` մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստինի մը հիմնումը, ուր պիտի վերադառնան պաղեստինցի բոլոր գաղթականները, այլապէս` անոնք պէտք է հեռանան իշխանութենէն, որովհետեւ շրջանի ժողովուրդին փափաքներն ու ազատ, անկախ եւ ապահով ապրելու կամքը չեն արտացոլեր»:

Պըրրի հարց տուաւ, որ արդեօք այս գաղափարը եւ տրամաբանութիւնը չէ՞, որ շրջանին մէջ կը տարածուի Ուաշինկթընի կողմէ:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի հանդիպումէն ետք մեզի համար յստակ դարձած է, որ Միացեալ Նահանգներ իսրայէլեան աչքերով կը դիտեն Միջին Արեւելքը:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթմանը չընդունելու իրականութեան` Պըրրի շեշտեց, որ իր օրակարգը ծանրաբեռնուած էր Պէյրութի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ ունեցած հանդիպումներով` աւելցնելով, որ ինք հարաւէն ամէն ինչ շատ աւելի ջինջ կը տեսնէ:

Միւս կողմէ, Պըրրի «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի արտասանած ճառին մասին կատարած յայտարարութիւնները, որոնք կը վերաբերէին Պաղեստին մը կերտելու կարեւորութեան, ոչ միայն հարուածեցին Օպաման, այլ նաեւ փաստեցին, որ ամերիկեան վարչակազմը ենթակայ է իսրայէլեան քմահաճոյքին եւ շրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան հաստատման բոլոր ջանքերը խանգարելու անոր կամքին:

Նախորդը

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԵՆԹԱԴՐԷ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ՍՐՏԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՍԻՐՈՅ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՏԵՂԱԿԱՆ ԵՒ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.