«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարասի գլխաւորած «Նոր Ժողովրդավարութիւն» խորհրդարանական խմբակցութիւնը Յունաստանի խորհրդարանին ներկայացուցած է օրինագիծ մը, որ քրէական պատասխանատուութիւն կը նախատեսէ ցեղասպանութիւնները եւ Ողջակիզումը ժխտելու, ինչպէս նաեւ օտարատեացութեան դրսեւորումներու համար:
Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ «օրինագիծը քրէական պատասխանատուութիւն կը նախատեսէ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնները, Ողջակիզումը, ինչպէս նաեւ նացիական Գերմանիոյ կողմէ գործուած յանցագործութիւններու փաստերը խեղաթիւրելու, հերքելու կամ զանոնք պաշտպանելու համար»:
Բոլոր անոնք, որոնք բանաւոր, գրաւոր, մամուլի, համացանցի միջոցով կամ որեւէ այլ ձեւով կը հերքեն ու կը խեղաթիւրեն մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները, ըստ օրինագիծին, պիտի պատժուին մինչեւ 3 տարի բանտարկութեամբ եւ 5-էն 20 հազար եւրօ տուգանքով:
Յիշեցնենք, որ Յունաստան 1996-ին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:


