Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շաբաթավերջին յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ստիպուած երկարաձգած է խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը` հիմնական մտահոգութիւն ունենալով ապահովական կացութիւնն ու անիշխանութիւնը:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն մշակելու համար քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները ապահովող ընտրական օրէնք մը:
Ժեմայէլ կոչ ուղղեց լիբանանեան բոլոր քաղաքական ուժերուն պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ լիբանանցիներուն համար Լիբանանի մէջ գոյատեւելու նախապայմանները ստեղծելու:


