Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Այլազան իրեր պահելով ձեր պայուսակին մէջ, դուք հաւանաբար չէք կռահեր, որ այդ իրերը եւ զանոնք տեղաւորելու ձեւը կրնան որոշ պատկերացում մը տալ ձեր բնաւորութեան մասին: Իսկ գիտնալու համար, թէ ինչպիսի՞ բնաւորութեան տէր անձ էք դուք` բացէ՛ք ձեր պայուսակը…
1
Ինչպիսի՞ պայուսակ կը նախընտրէք.
ա.- Կը սիրէք մեծ չափի պայուսակ, որպէսզի անոր մէջ տեղաւորէք կարելի եղածին չափ շատ իրեր: Այս խոշոր պայուսակը կը կրէք օրուան բոլոր ժամերուն:
բ.- Կը սիրէք ոչ մեծ, սակայն բազմաթիւ բաժանումներ ունեցող պայուսակ, որպէսզի ձեր իրերը լաւապէս դասաւորէք:
գ.- Դուք ունիք բազմաթիւ պայուսակներ` օրուան տարբեր ժամերու եւ առիթներու համար: Երեկոյեան, օրինակ, կը նախընտրէք փոքրիկ, կաշի պայուսակ` ձեր գիշերային կօշիկներու գոյնին համապատասխանող:
2
Ձեր պայուսակին մէջ կան.
ա.- Թղթապանակ մը, ուր կը պահէք ձեր անձնաթուղթը, ընտանիքին անդամներուն լուսանկարները, ինչպէս նաեւ դրամապանակ մը` մէջտեղ չմնալու չափ փոքրիկ գումարով մը:
բ.- Մեծ դրամապանակ մը, ուր կը դնէք թէ՛ փաստաթուղթեր, թէ՛ դրամ եւ թէ լուսանկարներ:
գ.- Լուսանկարները կը դնէք պզտիկ ալպոմի մը մէջ եւ միշտ ձեզի հետ կը պտտցնէք, իսկ դրամապանակ գործածելու փոխարէն դրամները կը պահէք ձեր գրպանին մէջ:
3
Ուրիշ ի՞նչ կայ ձեր պայուսակին մէջ.
ա.- Գեղեցկագիտական պիտոյքներ հայելի, սանտր, շրթներկ եւ այլն…
բ.- Շատ քիչ բան:
գ.- Բացի դրամապանակէն, անպայմա՛ն հայելի մը:
4
Ձեր պայուսակին մէջ կը գտնուի նաեւ. (կրնաք ընտրել քանի մը պատասխան).
ա.- Տուրմ
բ.- Թաշկինակ
գ.- Գրիչներ
դ.- Հրահան
ե.- Բանալի
զ.- Անուշահոտ
է.- Նոթատետր
5
Երբ բան մը կը փնտռէք ձեր պայուսակին մէջ.
ա.- Անմիջապէս կը գտնէք, քանի որ ամէն բան լաւապէս դասաւորուած է պայուսակին զանազան բաժիններուն մէջ:
բ.- Պայուսակը կը պարպէք սեղանին վրայ, քանի որ յաճախ դժուարութիւն կ՛ունենաք ձեր փնտռածը գտնելու:
գ.- Ձեր փնտռածը երբեք չէք գտներ…
Հաշուեցէ՛ք Ձեր Միաւորները
1.- ա 1, բ 2, գ 3
2.- ա 2, բ 3, գ 1
3.- ա 3, բ 1, գ 2
4.- ա 0, բ 1, գ 2, դ 2, ե 0, զ 2, է 3
5.- ա 2, բ 1, գ 3
Արդիւնք
Եթէ 5 – 8 կէտ հաւաքեցիք, դուք քիչ մը թափթփած էք, այսինքն` լաւ չէք դասաւորեր ձեր իրերը, երբեմն նոյնիսկ կը կորսնցնէք զանոնք, բայց էութեամբ դուք կենսախինդ անձ էք, կը սիրէք պարզութիւնը եւ աւելի շատ կապուած էք մարդոց, քան` իրերուն հետ:
***
Եթէ 9 – 16 կէտ հաւաքեցիք, դուք կը մտածէք ամէն բանի մասին` պատահականութեան ոչինչ ձգելով: Կեանքի մէջ կը կշռադատէք ամէն բան եւ նախզգուշական բոլոր միջոցները կ՛առնէք: Այս մէկը լաւ է, բայց քիչ մը ձանձրացուցիչ, քանի որ դուք ամէն ինչ նախօրօք գիտէք: Երբեմն կարելի է կեանքին հետ վերաբերիլ թեթեւութեամբ եւ նուազ լրջութեամբ:
***
Եթէ 17-էն աւելի կէտ հաւաքեցիք, ձեր ամբողջ կեանքը ձեր պայուսակին մէջ կը գտնուի, իսկ եթէ ձեր պայուսակը գողցուի` դուք կորսուած անձ էք: Դուրս եկէք ձեր հիւանդագին բծախնդրութենէն, ջանացէք ըլլալ աւելի բնական եւ ձեր կեանքը կը դառնայ աւելի դիւրին եւ հաճելի:
«Էս. Էմ. Էս.»-ները Կ՛երջանկացնեն
Մարդ ուրախութեան պոռթկում կ՛ունենայ ամէն անգամ, երբ ընկերոջմէ կամ ընտանիքի անդամներէն մէկուն կողմէ հաղորդագրութիւն կը ստանայ, հաստատած է ամերիկեան գիտափորձ մը:
Այսպէս, «Տը թէլէկրաֆ»ը կը հաստատէ, որ Քալիֆորնիայի համալսարանի հոգեբանները աւելի քան 2000 հոգեկան անկումէ տառապող անձերու վրայ կատարած գիտափորձի մը աւարտին յանգած են այն եզրակացութեան, թէ «Էս. Էմ. Էս.»-ը դրականօրէն կ՛ազդէ մարդու հոգեբանական վիճակին վրայ:
Հոգեկան անկումէ տառապող 2000 անձերը ծրագրուած ձեւով «Էս. Էմ. Էս.»-ներ ստանալով, լուրջ բարելաւում արձանագրած են, այն պարզ տրամաբանութեամբ եւ համոզումով, թէ իրենք լքուած չեն եւ իրենց մասին մտածող եւ իրենցմով հետաքրքրուող անձեր կան իրենց շուրջ:
Գեղեցկագիտական
Դէմքի Սնուցող Դիմակներ
Անանուխի դիմակ
Անանուխին տերեւները լուալ, ցամքեցնել, ապա մանրել եւ վրան տաք ջուր աւելցնել, ու եռացնել 2-3 վայրկեան: Պաղելէն ետք բամպակը թաթխել հեղուկին մէջ եւ օծել դէմքը: Այս միջոցին դիմել շաբաթը 3 անգամ ե 3-4 շաբաթ տեւողութեամբ:
* * *
Հաւկիթի դեղնուցով դիմակ
Փոս ամանի մը մէջ դրէք հաւկիթին դեղնուցը, աւելցնել 1 թէյի դգալ վարսակի փաթիլ: Ծեփուկը ձեր դէմքին վրայ տարածեցէք եւ ձգեցէք քառորդ ժամ, ապա մաքրեցէք գաղջ ջուրով:
* * *
Ազատքեղով դիմակ
Փոս ամանի մը մէջ դրէք 1 թէյի դգալ մանր մանրուած ազատքեղը, աւելցուցէք 2-3 թէյի դգալ թթուասէր: Խառնուրդը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ եւ ձգեցէք 15-20 վայրկեան, ապա մաքրեցէք տաք ջուրով:
* * *
Գետնախնձորով դիմակ
Միջակ չափի խաշած գետնախնձորը ճզմել, աւելցնել 2 ապուրի դգալ կաթ եւ 1 թէյի դգալ ձիթաիւղ: Այս ծեփուկը տարածել դէմքին վրայ, ձգել 15-20 վայրկեան, ապա մաքրել գաղջ ջուրով:
Խոհագիր
Ձմերուկով Խմիչք
1 պզտիկ չափի ձմերուկ
6 հատ կանաչ կիտրոն
150 կրամ մեղր
Անանուխ
Պատրաստութիւն
Կանաչ կիտրոնները քամել եւ հիւթը լեցնել փոքրիկ քասրոլի մը մէջ, աւելցնել մեղրը: Կրակի վրայ խառնելով տաքցնել, առանց եռացնելու: Ստացուած ծորը ձգել որ պաղի, ապա սառնարանը պահել առնուազն երկու-երեք ժամ:
Ձմերուկը մաքրել, խորանարդաձեւ կտրտել, վրան պաղած ծորը եւ քանի մը կտոր սառոյց աւելցնել եւ զարդարել թարմ անանուխի տերեւներով, կիտրոնի շերտով կամ ձմերուկի եռանկիւն շերտով մը:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Իրական Պատկեր
Բարձրացնում էք Ձեր պարիսպը, նախագահ,
Ես ի՞նչ ասեմ եւ Ձեր, ե՛ւ իմ թարս բախտին
Դուրս եմ գալիս ես պատշգամբ եւ ահա
Աչքս իսկոյն դէմ է առնում պարսպին:
Այս տանն ապրել, սակայն չեմ էլ նկատել,
Որ իմ կողքին մեր Խորհուրդն էր Գերագոյն,
Գերագոյնին ոչ սիրել եմ, ոչ ատել,
Անտես, անշուք մի պատ էր մեր արանքում:
Հիմա… Հիմա Ձեր նստավայրն է շքեղ,
Դու նախագահ մեր դեմոկրատ պետութիւն,
Ամէն անգամ, երբ ժամանում էք այստեղ`
Խառնւում են ազդալոյս ու ոստիկան:
Դատարկւում է մեր հին նրբանցքը իսկոյն,
Դուք էք անցնում աւտոների շիք շարքով.
Մօտ աղբարկղի մուրացկանը ընկրկում,
Կանգնում ու Ձեզ ուղեկցո՜ւմ է հայեացքով…
Բարձրացնում էք Ձեր պարիսպը նախագահ,
Բայց դեռ հնուց իմաստուններն են ասում`
Ի՛նչ էլ անէք ահաբեկիչը կգայ`
Նա մեր մէջն է, մեր հոգում է, մեր ներսում:
Բարձրացնում էք Ձեր պարիսպը… նոյն պահին
Մարդն է, մա՛րդը աղբի արկղը քջջում:
Նայում եմ ես այս անանուն պատկերին,
Եւ Ձե՜զ համար, եւ ի՜նձ համար ամաչում…ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ







