Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանանի Մէջ «Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Ժողով

May 23, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Սուրիոյ բարեկամներ» խմբակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ ժողով մը գումարեցին: Ժողովին մասնակցեցան 11 պետութիւններ` Յորդանան, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Եգիպտոս, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Գերմանիա, Իտալիա, ինչպէս նաեւ սուրիական ընդդիմութիւնը:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Իրան եւ անոր դաշնակից լիբանանեան Հըզպալլան կ՛աջակցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին եւ անոր պէտք եղածէն աւելի աջակցութիւն կը տրամադրեն»: Ան նշեց, որ Բրիտանիա միջազգային ուժերը պիտի մղէ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Սուրիոյ տագնապի լուծման համար նախատեսուած միջազգային խորհրդաժողովին թուական մը ճշդելու:

Մինչ այդ, սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը Սուրիական ազատ բանակի բոլոր ուժերուն կոչ ուղղեց «Քուսէյրի օգնութեան փութալու», ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Քուսէյրի մէջ մարդասիրական միջանցք մը բանալու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ Սուրիոյ բանակը վերջին քանի մը օրերուն զինուորական ձեռքբերումներ արձանագրեց, սակայն անոնք ժամանակաւոր են: Ան նշեց, որ իրենք յանձնառու են աշխատանք տանելու «Ժընեւ 1» ժողովի որոշումներուն գործադրութեան համար միացեալ կեցուածքի մը հասնելու:

Միւս կողմէ, Փենթակոնի բանբեր Ճորճ Լիթըլ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ երեքշաբթի օր Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ հակահրթիռային պաշտպանութեան մարզի եւ Սուրիոյ տագնապին մէջ հարցերով գործակցութեան հարցը:

«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաստատած է օրինագիծ մը, որ ամերիկացիներուն կ՛արտօնէ զէնք տրամադրել սուրիացի ընդդիմադիրներուն: Յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտես յայտարարած է, որ Սուրիոյ դէպքերը կ՛ազդեն Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն վրայ: Օրինագիծի հեղինակները կ՛ընդգծեն, որ զէնք պէտք է տրամադրուի միայն այն զինեալներուն, որոնք կը կիսեն ամերիկեան արժէքները եւ չեն ձգտիր Սուրիոյ մէջ իսլամական օրէնքներ հաստատել:

Յանձնախումբին կողմէ որդեգրուելէն ետք, օրինագիծը պիտի քննարկուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի լիագումար նիստին, ապա հաստատման համար պիտի ուղարկուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային:

Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Կերհարտ Քլոկ յայտնեց, որ մօտէն կը հետեւի Եւրոպական Միութեան կողմէ սուրիացի ընդդիմադիրներուն զէնքի մատակարարման դէմ հաստատուած արգելքի վերացման ջանքերուն` վստահեցնելով, որ «արգելքի վերացման որոշումը Աւստրիան պիտի մղէ կացութիւնը վերստին գնահատելու»: Ան նշեց, որ «Սուրիա զէնք ուղարկելու արգելքի վերացման պարագային, Աւստրիա կրնայ (ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող) իր զինուորները մօտ օրէն հեռացնել Կոլանէն»:

 

 

Նախորդը

«Պիել»-ի Մէջ. «Մեր Բանաստեղծները` Հայաստանի Փառքի Կերտիչները» Գիրքի Գինեձօն

Յաջորդը

Լոնտոնի Մէջ Զօրանոցի Մը Մօտ Բրիտանացի Զինուոր Մը Սպաննուեցաւ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.