Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՃՇԴՈՒԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔԻՆ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՖԵԼԹՄԱՆ

May 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Ֆելթման

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման երէկ այցելեց նախագահական պալատ, ուր ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի նախանցեալ օրուան ճառը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կարգ մը երկիրներու մէջ որդեգրուած բարեկարգումները քաջալերելու եւ արժեւորելու կարեւորութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ կոչ ուղղեց Ուաշինկթընին` շրջանին մէջ արդար եւ ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու առումով աշխուժ եւ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալու:

Պաապտայէն ետք Ֆելթման ուղղուեցաւ Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ Ֆելթմանի հանդիպում մը չունենալուն առնչութեամբ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի չէ մերժած ընդունիլ Ֆելթմանը` աւելցնելով սակայն, որ Պըրրիի մամլոյ գրասենեակը յայտնած է, որ ան Պէյրութէն դուրս կը գտնուի:

Նշենք, որ Ֆելթման այցելեց նաեւ նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նախագահ Օպամայի ներկայացուցած Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ծրագիրը, որուն մասին Միքաթի յայտնեց, որ յստակացումներու եւ գործադրութեան մեքանիզմի կարիքը ունի:

Միքաթի յոյս յայտնեց, որ Օպամա լուրջ ըլլայ Միջին Արեւելքի հարցին լուծման առումով:

Միքաթի շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ հաստատուելիք խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ արդար եւ ամբողջական, որովհետեւ այդ տեսակի խաղաղութիւնն է, որ առիթ կու տայ արաբ ժողովուրդին` վերատիրանալու իր իրաւունքներուն եւ բռնագրաւուած հողերուն:

Միքաթի մաղթեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը լիբանանցիներուն միասնականութեան եւ համախոհութեան զօրակից քաղաքականութիւն մը ըլլայ, որովհետեւ այդ միասնականութիւնն է երկրին ազատութիւնը, անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը պահպանելու երաշխիքը:

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մասին խօսելով` Միքաթի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը զուտ լիբանանեան պատասխանատուութիւն է եւ ազգային կամքի դրսեւորում:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուց Ֆելթմանի կատարած այցելութիւններուն արդիւնքները:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ֆելթման լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է, որ Լիբանանի կառավարութեան հետ Միացեալ Նահանգներուն յարաբերութիւնները պիտի արժեւորուին այդ կառավարութեան կազմին եւ մշակելիք աշխատանքային ծրագիրին հիման վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով Միջազգային դատական ատեանին եւ միջազգային այլ պարտաւորութիւններուն յանձնառու մնալու Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը:

Ֆելթման դիտել տուած է նաեւ, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմն ու դիմագիծը լիբանանեան որոշում է` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արտաքին միջամտութիւններէ զերծ պահելու:

ՆՇԵՆՔ, որ Ֆելթման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ:

Նախորդը

ՇԻՊԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆԻՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԻ ՆԱՄԱԿԸ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ ( 21 մայիս 2011 )

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.