
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Մոսկուայի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային հոլովոյթը:
«Մենք այսօր քննարկած ենք Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծումը: Հաշուի առնելով Ռուսիոյ դերակատարումը շրջանին մէջ եւ դերը` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդ, մենք կ՛ակնկալենք, որ բանակցային հոլովոյթին մէջ լճացման հոլովոյթը պիտի յաղթահարուի», ըսած է Մամետեարով:
Ան յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ այս տարի նախատեսուած ընտրական հոլովոյթներուն աւարտէն ետք անհրաժեշտ պիտի ըլլայ կրկնապատկել լուծման ուղղութեամբ ջանքերը:
Լաւրով իր կարգին նշած է, որ Մոսկուա անընդունելի կը նկատէ ղարաբաղեան հարցին մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը, որովհետեւ ատիկա փաստացի տնտեսական շրջափակման կ՛ենթարկէ Հայաստանը:
«Սթաթիւս քոն, անխօս, անընդունելի է: Ատիկա անընդունելի է բոլորին համար` նախ եւ առաջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի, եւ բոլոր անոնց, որոնք կը բնակին Ղարաբաղի մէջ: Սթաթիւս քոն ոչ միայն կը նշանակէ հարցի լուծուած չըլլալը, այլ նաեւ տնտեսական շրջափակում` Հայաստանի համար», ըսած է Լաւրով:
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիոյ առաջնահերթութիւններէն մէկը Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատումն է, եւ ատոր համար ալ Մոսկուան պիտի ընէ անհրաժեշտը` իրավիճակէն դուրս գալու համար:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ այս պարագային կարելի չէ շտապել գնահատականներ տալու` ըսելով, որ եթէ լճացում է, ապա ոչինչ կը ստացուի. «Ամէն ինչ պիտի ստացուի, եթէ փնտռենք փոխզիջումային լուծումներ»:
«Մենք պիտի շարունակենք աշխատանքը: Քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած է երկու նախարարներու (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի) հանդիպումը: Այդ հոլովոյթին պէտք է աջակցիլ: Ոչ ոք կը պատրաստուի ձեռքերը իջեցնել: Մենք պիտի օգնենք այդ խնդիրին համար լուծումներ գտնելու հարցին մէջ», ըսած է Լաւրով:
Ան նշած է, որ արդէն այսօր շրջան պիտի այցելեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:
Մամետեարով իր կարգին բարձր գնահատած է Ռուսիոյ դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ եւ յիշեցուցած, որ Պաքուի համար գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոն անընդունելի է:


