Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄԻ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԱԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՂ ԻՐ ՃԱՌԻՆ ՄԷՋ. «ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՊԱԳԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ԿԱՊՈՒԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱ

May 21, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Միջին Արեւելքի շուրջ իր արտասանած ճառին մէջ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին շրջանի շարք մը երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող փոփոխութեան հոլովոյթին եւ բարեկարգումի պահանջներուն: Ան նաեւ ընթացող ժողովրդավարականացման հոլովոյթին օժանդակելու նպատակով ի նպաստ Եգիպտոսի եւ Թունուզի տնտեսական օժանդակութիւններ յայտարարեց:

Օպամա Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհին կոչ ուղղեց իշխանութիւնը փոխանցելու, իսկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` իր խոստացած բարեփոխումները կատարելու: Ան ըսաւ, որ Ասատ  պէտք է կա՛մ դէպի ժողովրդավարական վարչակարգ փոխանցումը ղեկավարէ, կա՛մ ալ հեռանայ, իսկ Պահրէյնի մէջ միակ լուծումը նկատեց կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան նուիրուած իր ճառին ընթացքին Օպամա յայտնեց, որ «անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին Միջին Արեւելքի մէջ մեծ փոփոխութեան ականատես դարձանք. շարք մը երկիրներու մէջ փոփոխութեան եւ բարեկարգումի պահանջներ կան»: Ան աւելցուց, որ ճնշումի ձեւերը պիտի չյաջողին ժողովուրդներուն ձայնը եւ անոնց փոփոխութեան պահանջները լռութեան մատնելու` աւելցնելով, որ այդ պահանջները շրջանին մէջ բոլոր երկիրներուն կ՛առնչուին եւ ատկէ որեւէ մէկը պիտի չբացառուի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ երիտասարդներու փոքր խմբակ մը յաջողեցաւ կարճ ժամանակուան մէջ ունենալ փոփոխութեանց աւելի մեծ ձեռքբերումներ, քան ահաբեկիչները` տասնամեակներու ընթացքին:

Օպամա ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն ինքնորոշման ձգտող փոփոխութիւնը եւ իրենց ամբողջ ազդեցութիւնը պիտի օգտագործեն զօրակցելու համար այդ փոփոխութեան: Ան նաեւ նշեց, որ արաբական երկիրներուն մէջ ժողովուրդին կողմէ տեղի ունեցած շարժումները ինքնաբուխ են եւ այդ ժողովուրդները իրաւունք ունին իրենց ճակատագիրը իրենք որոշելու:

Իր խօսքին աւարտին Միացեալ Նահանգներու նախագահը, անդրադառնալով միջինարեւելեան խաղաղութեան հոլովոյթին, դարձեալ կոչ ուղղեց կողք կողքի ապրող 1967-ի սահմաններով պաղեստինեան եւ իսրայէլեան պետութիւններու կազմութեան` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պէտք է հաւատարիմ մնայ խաղաղութեան հոլովոյթին: Ուշագրաւ զարգացումով մը ան նշեց, որ պետութիւն մը կազմելու հրեաներու երազը չի կրնար բռնագրաւումի ճամբով իրականանալ, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի մը` Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի բռնագրաւման առաջին ակնարկն էր:

Այս պատճառով ալ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութենէն անձնաւորութիւններ Օպաման ամբաստանեցին Իսրայէլի դաւաճանելու յանցանքով:

 

 

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ` ՔՈՒԷՅԹԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 50-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ, ԻՍԿ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ` ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.