Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սլէյման Օպամայէն Ստացաւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը

May 21, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սլէյման եւ Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն, որ յայտնեց, թէ իր օգնականը եւ Սպիտակ տան մէջ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Ծոցի երկիրներու հարցերու համակարգող Ֆիլիփ Կորտըն զինք տեղեակ պահած է Լիբանանի մէջ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներէն:

Օպամա դրուատեց նախագահ Սլէյմանի դերակատարութիւնը` Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց Լիբանանի չէզոք կեցուածքը, յատկապէս Սուրիոյ պարագային` մեկնելով «Պաապտայի յայտարարութենէն»:

Օպամա անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնն ու երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը: Ան ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեամբ եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելով կարելի կ՛ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Օպամա ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող միջազգային խորհրդաժողովի մը կայացումին` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանի կայունութեան ամրապնդումին:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Օպամայի` Լիբանանի նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան առիթով եւ պահանջեց Միջին Արեւելքի մէջ արդար ու ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու բանակցութիւնները զարգացնելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց լիբանանեան բանակին կատարուելիք զինուորական օժանդակութիւններուն անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անիկա կարենայ պահպանել երկրին սահմանները, ապահովութիւնն ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատին մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կացութիւնն ու նախարարութեան կողմէ որդեգրուած քայլերը` երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման եւ առաջադրուած թեկնածութիւնները ընդունելու առումով:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները, որոնք կը վերաբերին ընտրական նոր օրինագիծի մը:

Հարպի տեղեկատու գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ան հանրապետութեան նախագահին ըսաւ, թէ անհրաժեշտ է յարգել սահմանադրական հաստատութիւնները եւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով աշխուժացնել խորհրդարանին աշխատանքները:

Հարպ նշեց, որ եթէ նոյնիսկ խորհրդարանի ներկայ նստաշրջանը պիտի երկարաձգուի, ապա անիկա պէտք չէ քանի մը ամիսը անցնի` պահպանելու համար Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգը:

Հանրապետութեան նախագահին այցելեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ նախագահ Սլէյմանին հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու Լիբանան-Սուրիա սահմանային անցքերուն պարզած իրավիճակը:

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Բախումները Կը Շարունակուին` Վերածուելով Պապ Թըպպանէի Եւ Բանակին Միջեւ Բախումներու

Յաջորդը

Լիբանան Կ՛ուղղուի Դէպի Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Կամ Անիշխանութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.