Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Շուրջ Առաջարկուած Միջազգային Խորհրդաժողովին Պէտք Է Զգուշութեամբ Պատրաստուիլ» Կ՛ըսէ Լաւրով

May 21, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «Սուրիոյ շուրջ առաջարկուած միջազգային խորհրդաժողովին պէտք է զգուշութեամբ պատրաստուիլ»:

Ան նշեց, որ ինք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է, որպէսզի այդ խորհրդաժողովին պատրաստութիւնը շատ զգուշութեամբ կատարուի:

Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովին պէտք է մասնակցին սուրիական ընդդիմութեան բոլոր կողմերը, ներառեալ` Սուրիայէն դուրս գործող ընդդիմութիւնը:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութիւնը կարեւոր է` նկատի ունենալով, որ անիկա շրջանային զարգացումներուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցող երկիր մըն է»` նշելով, որ «ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութիւնը, որ գոյացաւ 7 մայիսին, միջազգային խորհրդաժողովի գումարման նախապայմաններ չի ճշդեր»:

Լաւրով յիշեցուց, որ 30 յունիս 2012-ին գոյացած Ժընեւի համաձայնութիւնը, որ հիմքը կը կազմէ Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովին, փոխանցման հանգրուանի ընթացքին սուրիական պետութեան կառոյցներու պահպանումը կը նշէ:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը բացակայ պիտի չըլլայ չորեքշաբթի օր մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուելիք «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու գլխաւոր խմբակին ժողովներէն»:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սապահ Ռիֆահի «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը չորեքշաբթի օր մայրաքաղաք Ամմանի մէջ գումարուելիք այդ ժողովներուն պատշաճ ներկայացուցչութիւն պիտի ունենայ»:

Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանը Տոհայի մէջ խորհրդաժողովի մը բացման ընթացքին արտասանած իր խօսքին ընթացքին քննադատեց միջազգային ընտանիքի «ազդու երկիրներու» կողմէ Սուրիոյ մէջ ահաւոր ողբերգութեան եւ մարդկային աղէտին վերջ տալու նկատմամբ ձեռնածալ մնալը:

Ան ըսաւ, որ ատիկա այլեւս «անընդունելի» է, մինչ «կ՛ուզեն սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանողին ինքնութիւնը տարբեր պատրուակներով ճշդել»:

Իշխանը նշեց, որ ինք ցաւ կը զգայ` տեսնելով, որ «սուրիացի եղբայրական ժողովուրդի յեղափոխութիւնը իր երրորդ տարին մուտք գործեց», առանց որ արիւնալի տագնապին վերջ տալու յստակ հեռանկարներ ըլլան: Ան Սուրիոյ մէջ արձանագրուած տասնեակ հազարաւոր զոհերուն, գաղթականներուն եւ համատարած քանդումին համար պատասխանատու նկատեց «սուրիական վարչակարգի զինուորական լուծման կառչած ըլլալը»:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այսօր  Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանի Թուրքիա այցելութիւնը «մեծ կարեւորութիւն» ունի` նկատի ունենալով շրջանին ապրած վտանգաւոր հանգրուանը, որ «թուրք-սէուտական համակարգում կը պահանջէ` սուրիացի ժողովուրդի ողբերգութեան արագ լուծումներ գտնելու, ինչպէս նաեւ թուրք-սէուտական գործընկերութեան յառաջ մղման ու զայն քաղաքական, տնտեսական եւ ներդրումային մարզերով զարգացնել ջանալու համար»:

Ան նշեց, որ այցելութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ քննարկելու համար սուրիական տագնապը, ինչպէս նաեւ շրջանին եւ իսլամական աշխարհին մէջ արձանագրուող զարգացումները»:

Հիւմիւզլիւ նշեց, որ «Անգարա միջազգային ընտանիքին հետ կը գործէ սուրիացի ժողովուրդին տառապանքին կարելի եղածին չափ շուտ վերջ տալու  համար»:

 

Նախորդը

«Երուսաղէմը Մեր Մայրաքաղաքն Է, Եւ Բնակեցման Աշխատանքները Պիտի Չդադրեցնենք» Կ՛ըսէ Լափիտ

Յաջորդը

Մամետեարով-Սալեհի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.