Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ երեկոյեան գումարուած ենթայանձնախումբին նիստէն ետք խորհրդարանին մէջ կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը արդէն իսկ շրջանցուած է` աւելցնելով, որ գրեթէ համախոհութիւն գոյացած է ընտրական խառն օրէնքը վաւերացնելու առումով:
«Մենք կը զօրակցինք քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութեան եւ կը յարգենք իւրայատկութիւնները, պայմանաւ որ անոնք խտրութիւն չպարունակեն», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ իրենք պահանջած են Պէյրութի ընտրաշրջանին բաժանումը վերատեսութեան ենթարկել` նկատի ունենալով, որ լիբանանահայութեան համար այդ բաժանումը անարդար է: «Ոչ մէկ համայնք կրնայ ոտնձգութիւն գործել այլ համայնքներու իրաւունքներուն դէմ: Խորհրդարանին հայկական աթոռները ունին իրենց իրաւատէրերը եւ առեւտուրի առարկայ չեն: Հայկական ժողովրդային խարիսխ չունեցող որեւէ կուսակցութիւն չի կրնար մեր հաշուոյն աթոռներ փոխանակել», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Տոհայի մէջ ընտրական օրէնքին բարեփոխումը եղած էր ի վնաս հայութեան շահերուն: «Մենք այսուհետեւ կը մերժենք ընտրական այն օրէնքները, որոնք ի վնաս մեր շահերուն պիտի ըլլան», աւելցուց ան:


