«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Ռէյհանիյէի մէջ տեղի ունեցած ականահարումէն ետք թէ՛ տեղւոյն թուրք բնակիչները, թէ՛ այդտեղ ապաստանած սուրիացի գաղթականները սկսած են փախուստ տալ Սուրիոյ սահմանամերձ քաղաքէն: Ականահարումներուն գծով Թուրքիոյ զայրոյթը վերածուած է բարկացոտ հակազդեցութեան ընդդէմ գաղթականներուն, որոնք իրենց տունէն դուրս չեն գար կամ պայթումէն մէկ օր ետք հեռացած են քաղաքէն:
Կիրակի օր թուրքերու երկու խմբակներ փողոց դուրս եկած են յարձակումներուն դէմ բողոքելու համար: Մինչ կարգ մը սուրիացի գաղթականներ Ռէյհանիյէէն հեռացած են, մօտակայ նահանգներէ ուղարկուած թրքական ոստիկանութեան հակախռովարար ուժեր պաշտպանած են այն շէնքերը, ուր սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը կը բնակի:
Կիւլ Ա. անունով թուրք մը օրաթերթին յայտնած է, որ «անոնց տրուած առաւելութիւնները մեզի նեղութիւն կը պատճառեն»` աւելցնելով, որ «(թրքական պետութեան կողմէ) անոնց գրպանը դրուած դրամները, հիւանդանոցներուն մէջ անոնց տրուած առաջնահերթութիւնները… վերջին երկու տարիներուն ընթացքին այստեղ բազմաթիւ խանութներ բացին, Թուրքիա – Սուրիա սահմանը անցնելու ժամանակ չեն խուզարկուիր, չենք գիտեր, թէ ի՛նչ կը բերեն»: Ան նշած է, որ «զաւակներս սուրիացի գաղթական դրացիիս ինքնաշարժին սնտուկին մէջ զէնքեր տեսան եւ մենք ոստիկանութեան լուր տուինք: Ոստիկանին տուած պատասխանը շշմեցուցիչ էր. «Որեւէ բան չենք կրնար ընել», ըսաւ ինծի»:
Այլ թուրք մը յայտնած է, որ «ոչ ոք կը սիրէ զիրենք»: Իսկ 35-ամեայ Ֆաթիհ Կիւլ յայտնած է, որ յարձակումներուն պատասխանատուները սուրիացի գաղթականներն են: «Պայթումէն ետք քաղաքացիներ սուրիացիի մը ինքնաշարժը այստեղ շրջեցին, մարդիկ զինք ծեծեցին», ըսած է ան` աւելցնելով, որ «դէպքէն հազիւ երեք օր առաջ տեղացիներու եւ սուրիացիներու միջեւ ինքնաշարժներուն պայթած նոյն տեղը կռիւ տեղի ունեցաւ»:
Սուրիացի գաղթական Մահմուտ Ապտուլ եւ իր ընտանիքը Քիլիսի սահմանային անցակէտին ճամբով երէկ Սուրիա վերադարձած են: Նախքան մեկնիլը ան «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած է, որ «Սուրիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակուի, սակայն մենք այստեղ եւս ապահով չենք, ինչպէս նաեւ տեղացիները մեզի չեն ուզեր, մենք սպառնալիքներ կը ստանանք»:


