
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ուղղուեցաւ Սէուտական Արաբիա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժոմպլաթի զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթ եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր:
Հանդիպումին մասին Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հարիրի Ժոմպլաթի հետ քննարկած է կառավարութիւնը կազմելու իմաստով վարչապետ Թամմամ Սալամի ջանքերը, ընտրական օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապին զարգացումները եւ Լիբանանը անոր հետեւանքներէն զանց կացուցելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կը սպառնան լիբանանեան ազգային միասնականութեան ու համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն ազգային, ընկերային, ապահովական, տնտեսական եւ քաղաքական իրաւունքներուն:
Ժոմպլաթ Ժետտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետ Պանտար պըն Սուլթան իշխանին հետ:


