Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻ ՍԵՆՏԻՔԱՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԳՈՐԾԱՎԱՐ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

May 20, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Համայնքային վարչակարգի տապալումը պահանջող շարժումը նստացոյցին մասնակիցներէն ոմանք

Ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը, որ նախանցեալ օր ելեւմուտքի գործավար նախարար Ռայա Հասանէն ստացած էր ամսական դրութեամբ 12,5 թիթեղ պենզին ստանալու խոստումը եւ անոր հիման վրայ ջնջած երէկուան իր ցոյց-գործադուլը, երէկ նկատել տուաւ, որ այդ խոստումը վարորդներուն համար նուաճում է` աւելցնելով սակայն, որ այդ մասին խորհրդակցութիւնները Հասանի հետ պիտի շարունակուին:

Ցամաքային փոխադրութեան մարզի վարորդներու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլէյս նշեց, որ նախարար Հասանի հետ գոյացած համաձայնութիւնը առիթ կու տայ, որ հանրային փոխադրութեան վարորդներուն բեռը թեթեւնայ:

Ան աւելցուց, որ իրենք իրենց կարգին պիտի սերտեն փոխադրութեան համար քաղաքացիներուն վճարելիք սակը նուազեցնելու կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշ չափով նուազեցնել նաեւ քաղաքացիին բեռը:

Իր կարգին, ցամաքային փոխադրութեան մարզին մէջ գործող վարորդներու սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէ շեշտեց, որ համադաշնակցութիւնը որեւէ ատեն կրնայ վերստին դիմել գործադուլի մը, եթէ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին տեղի ունենալիք բանակցութիւնները ձախող դուրս գան:

Միւս կողմէ, պէտք է աւելցնել, որ երէկ համայնքային վարչակարգի տապալումը պահանջող շարժումի համակիրները խորհրդարանին մօտ կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք մերժեցին վառելանիւթի սակերուն հարցով մասնակի լուծումներ շնորհելու քայլը:

Նստացոյցին ընթացքին պահանջուեցաւ նաեւ անձնական հարցերու քաղաքացիական օրէնքի քննարկում եւ որդեգրում` խորհրդարանին կողմէ:

Նախորդը

ՖԵԼԹՄԱՆ ԱՅՍՕՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

Օդերեւոյթ ( 20 մայիս 2011 )

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.