Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ նախագահեց Արաբական տնտեսական ֆորումին, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ իր նախագահած կառավարութիւնը խորհրդարանին, Կեդրոնական դրամատան եւ այլ խորհուրդներու հետ գործակցած է աշխուժացնելու համար Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ ան թուեց կառավարութեան իրագործած նուաճումները, որոնցմէ կարեւորագոյնը եղած է չէզոք քաղաքականութիւնը` սուրիական տագնապին հետ վարուելու ծիրին մէջ:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ, հակառակ հազուագիւտ ընտրանքներուն, Լիբանան կրցաւ դիմանալ եւ հանդուրժել շրջակայ երկիրները հարուածող փոթորիկներուն, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապին: Ան նշեց, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական տարակարծութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած են Լիբանանի տնտեսութեան վրայ, սակայն կառավարութիւնը իր որդեգրած չէզոք քաղաքականութեամբ կրցած է ինքզինք զանց կացուցել Լիբանանի վրայ Սուրիոյ ունենալիք հաւանական հետեւանքներէն:
«Մեր որդեգրած կեցուածքը ազգային կեցուածք է եւ եթէ ան կարգ մը քաղաքական ուժերու համար համոզիչ չի թուիր, ապա ի վերջոյ բոլորը պիտի վկայեն, թէ մինչեւ Սուրիոյ տագնապին աւարտը Լիբանան պիտի փրկուի շնորհիւ այս կեցուածքին», ըսաւ Միքաթի:
Ան աւելցուց սակայն, որ Սուրիոյ տագնապին հանդէպ չէզոք մնալու կեցուածքին զուգահեռ Լիբանան չզլացաւ իր մարդկային պարտականութիւններուն մէջ, ընդհակառակն` Լիբանան ընդունեց սուրիացի գաղթականները եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ յատկացուց իր կարողութիւններուն սահմաններուն մէջ:
Միքաթի շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտրական արդի օրէնք մը մշակելու եւ կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց, որ այդ բոլորը պիտի օժանդակեն Լիբանանի ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան ամրապնդումին:
Նոյն ֆորումին ընթացքին սփռուեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի խօսքը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ լիբանանեան դրամատնային մարզն ու լիբանանեան դրամանիշի կայունութիւնը ապահովուած են:


