Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան Ռիատ Սոլհի թրքական մշակութային կեդրոնին եւ Կեդրոնական Պէյրութի թրքական օդանաւային ընկերութեան դիմաց գործադրեցին բողոքի ցոյց մը եւ փակեցին Կեդրոնական Պէյրութի փողոցները:
Ցոյցին ընթացքին ազատ արձակուած առեւանգեալներէն մէկը` Աուատ Իպրահիմ յայտնեց, որ եթէ լիբանանեան պետութիւնը Լիբանանի մէջ թրքական շահերը կը պաշտպանէ, ապա ան կրնայ զօրակցիլ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն եւ անոնց հարազատները տուն դարձնել:
«Մեր մագլցողական քայլերը պիտի շարունակենք, մինչեւ առեւանգեալներուն Պէյրութի միջազգային օդակայան հասնիլը», ըսաւ Իպրահիմ:
Միւս կողմէ, ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք, ցուցարարները վերաբացին ճամբաները եւ վերջ տուին իրենց կատարած բողոքի ցոյցին:
Նշենք, որ զօր. Իպրահիմ անոնց փոխանցած էր, թէ առեւանգուած իրենց հարազատները ազատ արձակելու հարցով լուծումներ սկսած են երեւիլ:
Առեւանգուած լիբանանցիներէն թաղապետ Ալի Զղէյպի զաւակը Ատհամ Զղէյպ ընտանիքներուն անունով յայտնեց, որ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնած է, թէ ինք յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին պիտի ուղղուի Սուրիա եւ այդ առումով ալ պահանջած է դադրեցնել բողոքի ցոյցերը:
Ան նշեց, որ եթէ մինչեւ 22 մայիս իրենց հարազատները ազատ արձակուած չըլլան, ապա Լիբանանի մէջ իւրաքանչիւր թուրք եւ թրքական շահ իրենց համար թիրախներ պիտի դառնան, եւ իրենց քայլերը պիտի փոխուին մագլցողականի ու չհակակշռուողի:
Հարկ է աւելցնել, որ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել ընդգծեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով կատարուած բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները պիտի չբացայայտեն, որպէսզի անոնք յաջողութեամբ աւարտին:


