Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Խորհրդարանին` Ընտրական Օրէնքի Վաւերացման Նպատակով Իրերայաջորդ Նիստեր Գումարելու

May 9, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ 15 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին շրջագիծին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ չորեքշաբթի, 15 մայիսին խորհրդարանը պիտի քննարկէ ընտրական օրինագիծերը, իսկ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը պիտի արժանանայ հիմնական քննարկումի:

Կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ երեսփոխանական իւրաքանչիւր պլոք պէտք է ներկայացուի ըստ իր չափին: «Չեմ գիտեր, թէ միջին կեցուածքներու տէր անձնաւորութիւններու ներկայացուցչութիւնը ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել: Միջին կեցուածքներու տեսութեան տէրերը պէտք է մեզի բացատրութիւն մը տան այդ մասին եւ պէտք է այդ բախտաբեր ակումբին անդամակցելու դռները բանան», ըսաւ Պըրրի:

Պըրրի յայտնեց, որ 1963-ին հարաւային Լիբանանի Ատլուն շրջանին եւ այլ շրջաններու մէջ քարիւղի պեղում կատարուած է, սակայն օրին անոր քանակը բաւարար չէ եղած: Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ այս հանգրուանին լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի եւ բնական կազի քանակը բաւարար է Լիբանանին նիւթական մեծ գումարներ ապահովելու:

Պըրրի շեշտեց, որ հարկ է պաշտօնական մակարդակի վրայ այս իմաստով աւելի լուրջ աշխատանք տանիլ:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազեզի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարները:

Միւս կողմէ, տարբեր օրաթերթերու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք յառաջիկայ 15, 16, 17 եւ 18 մայիսին պատրաստ է նախագահելու խորհրդարանի լիագումար նիստերուն, որպէսզի ընտրական համախոհական օրէնք մը կարելի ըլլայ վաւերացնել:

Սակայն եթէ համախոհութիւն չգոյանայ, ապա ինք Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը քուէարկութեան պիտի ենթարկէ: Իսկ եթէ ինք ընտրելու ըլլայ 1960-ի ընտրական օրէնքին եւ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծին միջեւ, ապա ինք վերջինը պիտի ընտրէ, որովհետեւ անիկա համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած է:

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը

Յաջորդը

Յովիկ Աբրահամեան Շուշիի Ազատագրութիւնը Նկատեց Յաղթանակներու Գագաթնակէտ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.