Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ գործուղուած էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթը, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի երկու խորհրդատուներ Տաուուտ Սայեղն ու Մոհամետ Շաթահը:
Հանդիպումէն ետք Մաթար եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Սինիորայի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Մաթար եպիսկոպոսը շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին Սինիորա իմաստուն եւ ազգային կեցուածքներ արտայայտած է, ինչ որ պատճառ մը կը հանդիսանայ շարունակելու ընտրական օրէնքին կապուած խորհրդակցութիւնները:
Միւս կողմէ, Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի:
Նիստէն ետք պլոքը ոչ համոզիչ նկատեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ ներկայացուած պատճառաբանութիւնները, որոնք, ըստ իրենց, Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութիւնները արդարացնելու նպատակով էին:
Մուսթաքպալի պլոքը խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը խզող իսրայէլեան թռիչքները:
Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց` կազմելու կառավարութիւն մը, որուն հիմնական պարտականութիւնն է երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը, իսկ անոր անդամները պէտք է ըլլան նախարարներ, որոնք երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներ չեն:
Մուսթաքպալ պլոքը մերժեց նաեւ նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամի վրայ որեւէ ճնշումի բանեցում` կառավարութեան կազմութեան առաքելութեան ընթացքին:


