ՀՅԴ-ի անդամ Դաւիթ Լոքեան նախանցեալ օր Երեւանի Զէյթուն շրջանին մէջ քաղաքացիներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ Երեւանը մեծագոյն կարելիութիւններու քաղաքն է, որ կրնայ դառնալ համայն հայութեան իսկական մայրաքաղաքը եւ ուր բոլոր սփիւռքահայերը պէտք է իրենց ներդրումները իրականացնեն, իրենց նախաձեռնութիւնները հիմնեն եւ այսպիսով Երեւան դառնայ Հարաւային Կովկասի լաւագոյն քաղաքը:
Ան նշեց, որ Երեւան ունի այդ կարելիութիւնները եւ Դաշնակցութիւնը իր թեկնածուով` Արմէն Ռուստամեանով, որ կը գլխաւորէ համամասնական ցուցակը, պիտի իրականացնէ այդ ամէնը:
Ան նշեց, որ Երեւան ունի այդ կարողականութիւնը եւ դաշնակցականները կը տեսնեն, որ տարիներու ընթացքին անիկա որոշ փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի, կը դառնայ աւելի բարեհունչ, ընդունող, տրամադրող մայրաքաղաք, ամբողջ հայութեան համար, բայց այն իրավիճակը, որ պարզուած է, հեռանկարի համար բաւարար չէ եւ չի կրնար դիմանալ այսպիսի դաժան մրցակցութեան, ինչպէս գոյութիւն ունի Կովկասի` Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ այլ երկիրներու մայրաքաղաքներուն հետ համեմատած:
«Հետեւաբար` Երեւանը զարգացնելու հիմնական խնդիրը մենք կ՛առաջարկենք մեր ծրագրային հիմնադրոյթներուն մէջ: Ատիկա մեր քաղաքի զարգացման հեռանկարային ծրագիրն է, որուն մէջ ամփոփուած են ոչ թէ առօրեայ իրականացուելիք գործեր` կանաչապատում, փողոցի ասֆալթապատում, որոնք նոյնպէս անհրաժեշտ են, այլ թէ ինչպիսի՛ քաղաք կ՛ուզենք 10 տարի յետոյ, մենք ինչպիսի՛ քաղաքի մէջ պիտի ապրինք 5 տարի յետոյ, ինչպէ՛ս այս քաղաքին մէջ մեր քաղաքացին աշխատանք պիտի գտնէ, բնականոն աշխատավարձ ստանայ եւ կարենայ բնականոն ընտանիք պահել», պարզաբանեց Դ. Լոքեան:
Դաւիթ Լոքեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը իր այդ ռազմավարական ծրագիրը կը ներկայացնէ երեւանցիներու դատին, եթէ երեւանցիները կ՛՛ընդունին այդ ծրագիրը, հեռանկարին մէջ կ՛ունենան շրջանի լաւագոյն քաղաքը:
Դաւիթ Լոքեան խօսեցաւ նաեւ ընկերային բնակարանաշինութեան, Երեւանի պիւտճէն կրկնապատկելու, եռապատկելու կարելիութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին եւս` նշելով, որ այդ բոլոր դրոյթները ոչ թէ պարզապէս խոստումներ են, այլ մանրակրկիտ ուսումնասիրուած, կազմուած ծրագիրներ:


