Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իսլամական Ծայրայեղական Խմբաւորումներ Քիմիական Զէնք Օգտագործեցին» Կ՛ըսէ Զողպի

May 3, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումներ երկրին մէջ տեղի ունեցող քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին քիմիական զէնք օգտագործեցին»` վստահեցնելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնք ունենալու պարագային զայն չի կրնար օգտագործել»:

Ան ըսաւ, որ «քիմիական զէնքի օգտագործումը սուրիական կառավարութեան համար եւս կարմիր գիծ է»` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա համամիտ է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, որ իր կարգին քիմիական զէնքի օգտագործումը կարմիր գիծ կը նկատէ»:

Ակնարկելով Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութեան` Զողպի նշեց, որ «մենք անոնց կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման փաստեր ունինք»` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ այդ կազմակերպութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութեանց ցանկին մէջ առած է, «սակայն կազմակերպութեան հետ վարուելակերպը կը հակասէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի սկզբունքին, որովհետեւ աւելի կը ջանայ սուրիական կառավարութիւնը դատապարտել, քան ճշմարտութիւնը յայտնաբերել»:

«Ինչպէ՞ս կրնաս յաւակնիլ ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական կազմակերպութեանց դէմ պայքարիլ եւ նոյն ատեն Ժապհաթ Նուսրային զէնքեր կ՛ուղարկես», հարց տուաւ ան:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ճափոնական «Նիքէյ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը ընդդիմադիր զինեալներու դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործած է` աւելցնելով, որ յառաջիկային Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին ինք այդ հարցը պիտի քննարկէ Օպամայի հետ:

«Ընդդիմութիւնը ցամաքին վրայ գերակայ է, սակայն Ասատ քիմիական զէնքեր, պատերազմական օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ կ՛օգտագործէ: Միակ մարզը, որուն մէջ վարչակարգը գերակայութիւն ունի, օդուժի աջակցութեամբ գործողութիւններն են: Վարչակարգը իր վերջին պահերը կ՛ապրի, սակայն չենք գիտեր, թէ ե՛րբ պիտի տապալի: Ատիկա բան մըն է, որ յանկարծակի տեղի պիտի ունենայ», ըսաւ Էրտողան:

Մինչ այդ, թուրք կառավարական եւ բժշկական պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Թուրքիոյ մէջ դարմանուող եւ քիմիական զէնքերով յարձակումի ենթարկուած սուրիացիներու արիւնը կը քննեն:

Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ «Ուաշինկթըն սուրիական ընդդիմութեան զէնքեր չէ տրամադրած եւ պիտի չտրամադրէ, սակայն միեւնոյն ժամանակ իր առջեւ եղող բոլոր ընտրանքները աչքէ կ՛անցընէ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի օգնական Փաթրիք Վենթրել յայտնեց, որ «սուրիական թղթածրարը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի 7 եւ 8 մայիսին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած հանդիպումներուն գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ, որուն կողքին նաեւ իրանեան հիւլէական թղթածրարի եւ Ութերու վեհաժողովի պատրաստութիւնը»:

Վենթրել ըսաւ, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կեցուածքը չէ փոխուած եւ այդ կեցուածքը բռնարարքին ու արիւնահեղութեան վերջ տուող քաղաքական փոխանցման կատարումն է` նշելով, որ «Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ տարակարծութեան նիւթերէն մէկը սուրիական վարչակարգին աջակցիլն ու զինումն է»:

Ան աւելցուց, որ անոնք նաեւ քիմիական զէնքերու օգտագործման հարցին պիտի անդրադառնան:

Ամերիկացիներուն Մեծամասնութիւնը Սուրիոյ Մէջ
Ամերիկեան
Զինուորական Միջամտութեան Դէմ Է

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան կատարած մէկ հարցախոյզը ցոյց տուաւ, որ հարցախոյզին մասնակիցներուն 61 առ հարիւրը դէմ է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական միջամտութեան գաղափարին, իսկ 10 առ հարիւրը` թեր: Վերջիններուն համեմատութիւնը 27 առ հարիւրի կը բարձրանայ, եթէ ի յայտ գայ, թէ սուրիական վարչակարգը իր ժողովուրդին դէմ քիմիական զէնք օգտագործած է:

Թուրք–Սուրիական Սահմանային
Անցակէտին
Վրայ Զինեալ Միջադէպ

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիա-Սուրիա Աքչաքալէ հսկիչ-անցագրային կէտին վրայ` Ուրֆա քաղաքին մօտ սուրիացի գաղթականներու եւ թրքական ոստիկանութեան միջեւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է: Սուրիացի գաղթականներու խումբը, որուն սահման անցնիլը մերժուած է փաստաթուղթերու պակասի պատճառով, կրակ բացած է ոստիկաններուն եւ սահմանապահներուն ուղղութեամբ: Միջադէպին պատճառով վիրաւորուած է 7 մարդ` երեք ոստիկաններ, երկու զինուոր եւ երկու քաղաքայիններ: Դէպքի վայր ուղարկուած են շտապ օգնութեան մեքենաներ, անվտանգութեան լրացուցիչ ուժեր:

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ անցման կէտին վրայ գտնուող թրքական իշխանութիւնները «սահմանի համակարգուած անցում» մը պահանջած են, որմէ ետք խումբին եւ ապահովական մարմիններու միջեւ կռիւ մը տեղի ունեցած է, ինչպէս նաեւ անցակէտի գրասենեակներէն մէկուն մէջ ծագած է հրդեհ մը, որուն պատճառը անծանօթ կը մնայ: Ապա սուրիական կողմէն կատարուած է հրացանաձգութիւն, որուն պատճառով շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են:

«Սքայ Նիուզ» իր կարգին կը հաղորդէ, որ թուրք ոստիկան մը եւ սուրիական ընդդիմութենէն 3 զինեալներ սպաննուած են Ռաքքայի մէջ Թել Ապիատ անցման կէտի վերահսկողութեան շուրջ տարակարծութեան մը պատճառով:

Իսկ «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ սահմանը հատելու փորձի մը ընթացքին յառաջացած հրմշտուքի պատճառով 13 սուրիացիներ մահացած են:

Նախորդը

Համաս Եւ Իսլամական Ժիհատ Կը Դատապարտեն Հողատարածքներու Փոխանակման Համաձայնութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.