Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հարաւային Ամերիկա կատարած իր հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան (Պրազիլի ժամանակացոյցով) հասաւ Սաօ Փաուլօ:
Ուրուկուէյ կատարած իր այցելութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը մարդկութեան անունով պահանջեց ազատ արձակել Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ մնացեալ բոլոր առեւանգուածները եւս ազատ արձակել:


