Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին ու Պարաք Օպամա հեռաձայնով բանակցութիւններու ընթացքին «գործնական համաձայնութեան եկած են գաղտնի սպասարկութեանց գծով աշխուժ կապերու վերաբերեալ»: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ:
Այս նիւթը իւրայատուկ արդիականութիւն ստացած է Պոսթընի ահաբեկչութեան լոյսին տակ: Գործնականին մէջ այդ համագործակցութիւնը մասնաւորաբար իր արտայայտութիւնը պիտի գտնէ Սոչիի մէջ յառաջիկայ Ողիմպիական խաղերուն անվտանգութիւնը ապահովելու շուրջ միացեալ աշխատանքին մէջ:
Բացի ատկէ, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահները քննարկած են Սուրիոյ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հակահրթիռային պաշտպանութեան խնդիրը: Կը հաղորդուի, որ անոնք զրուցած են Օպամայի` Փութինին ուղղուած նամակին շուրջ, որ 15 ապրիլին վերջինիս փոխանցուած է Սպիտակ տան պատուիրակ Թոմ Տոնիլի կողմէ:
Ըստ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի, այդ նամակին մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան նիւթը առանցքայիններէն եղած է: Կ՛ակնկալուի, որ մօտիկ ապագային Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ Ուաշինկթըն հասցնէ Վլատիմիր Փութինի պատասխան նամակը:
Կը սպասուի, որ երկու պետութիւններուն ղեկավարները անձամբ հանդիպին երկու անգամ. յունիսի կէսերուն` Ութերու խմբակի անդամ երկիրներու վեհաժողովին եւ Սան Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովէն առաջ:


