Լիբանանեան մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին մաս կազմող խմբապետ Ֆատի Խաթիպ ազգային խումբի մարզիչ Ղասսան Սարգիսին փոխանցած է, որ չ՛ուզեր մաս կազմել Լիբանանի կազմին:
Այնպէս կը թուի սակայն, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը ներկայ հանգրուանին այնքան ալ հետաքրքրուած չէ ազգային խումբերով, մանաւանդ տղոց խումբով: Այս հարցին անիկա յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ յառաջիկայ յունիսին, անմիջապէս, որ Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութիւնը աւարտի:
Իր կարգին, Ղասսան Սարգիս եւս այդքան ալ մտահոգուած չէ այս լուրով:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերու յանձնախումբերու տնօրէն Ֆատի Թապեթ վերջերս ներկայացուցած էր իր հրաժարականը:
Իր գումարած ժողովներէն ոչ մէկուն ընթացքին ֆետերասիոնը քննարկած էր այս հարցը:


