Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին էլ Ֆիլ) իր ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ 2-4 մայիսին Լիբանանեան համալսարանի Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալիրին մէջ (Հատաս) կը կազմակերպէ աթլեթիզմի իրաւարարներու յատուկ դասընթացքներ:
Իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, փոխնախագահ Էլի Սաատէ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի շեշտեցին այս մարզին կարեւորութիւնը` ըսելով, որ իրաւարարներուն յաջողութեան պարագային կը յաջողի նաեւ Լիբանան` միջազգային մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն ընթացքին:
Յաջողող անձերը, որոնք պիտի ստանան վկայագիրներ եւ իրաւարարի յատուկ քարտեր, իրաւունք պիտի ունենան ոչ միայն տեղական, այլեւ` միջազգային մրցումներու ընթացքին ալ ըլլալու իրաւարարներ:


