Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին յատուկ կարգադրութեամբ` Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կը հիւրընկալէ յորդանանցի յատուկ միջազգային դասախօս Մըտար Մաժզուպը, որ այսօր` չորեքշաբթի, 1 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, Սանթրալի մէկ սրահին մէջ (Ժունիէ) պիտի տայ յատուկ դասախօսութիւն մը` պասքեթպոլի իրաւարարութեան վերաբերեալ:
Այս դասախօսութեան հրաւիրուած են իրաւարարները, մրցումներուն հսկողները, պատասխանատուները, մարզիչները, Ա. դասակարգի մարզիկները, Բ., Գ. եւ Դ. դասակարգերու մարզիչները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:


