Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստանի Մէջ Արտագաղթը Կը Գերազանցէ Բոլոր Մրցանիշները» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

April 30, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք այս ընտրութիւնները կը դիտարկենք իբրեւ ոչ միայն զուտ Երեւանի ընտրութիւններ, այլ ընտրական ճամբով երկրին մէջ իրավիճակ փոխելու համար լուրջ կարելիութիւն: Կը ցանկանք ընտրութիւններուն միջոցով երկրին մէջ արմատական բարեփոխումներ իրականացնել», Այգեստանի բնակիչներուն հետ բակային հանդիպման ժամանակ Երեւանի Կենտրոն համայնքին մէջ յայտարարեց ՀՅԴ համամասնական ցանկը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան: Ան նշեց, որ այդ բարեփոխումներու ծրագիրը Դաշնակցութիւնը շատոնց մշակած է` ներառելով քաղաքական օրակարգ մտած 7 կէտերու մէջ:

Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին գլխաւոր պատճառը այն է, որ այսօր սերտաճած են իշխող կուսակցութիւնն ու պետութիւնը,  եւ քանի տակաւին այս խոչընդոտը չէ յաղթահարուած, միւս հարցերը պիտի չլուծուին: Ա. Ռուստամեան յայտնեց, որ «երկիրը բաժնուած է երկու մասերու` 3-5 առ հարիւր արտօնեալներ, որոնք կուտակած են անհաշուելի հարստութիւն, իսկ մնացեալ բոլորս յայտնուած ենք բախտի քմահաճոյքին»: Ըստ անոր, այդ պատճառով արտագաղթը կը գերազանցէ բոլոր մրցանիշները:

ՀՅԴ համամասնական ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ եթէ քաղաքապետը իր լիազօրութիւնները իրականացնէ, բոլորովին այլ Երեւան կարելի է ունենալ: Ռուստամեան աւելցուց, որ քաղաքապետը ըլլալով իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ` իր լիազօրութիւնները յանձնած է կուսակցութեան: Ան յայտնեց, որ երբ մայրաքաղաքին մէջ կարգ ու կանոն չկայ, պէտք չէ միւս շրջաններէն մեծ ակնկալիքներ ունենալ: Ռուստամեան նաեւ շեշտեց, որ ընդդիմադիր քաղաքապետը շահերու բախում պիտի բերէ եւ թեւերէն իւրաքանչիւրը պարտադրուած պիտի ըլլայ աշխատիլ ուժերու առաւելագոյն չափով` ցոյց տալու համար, որ ինք աւելի լաւ կ՛աշխատի:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցան նաեւ մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի ընտրողներուն հետ:

Հանդիպման կը մասնակցէին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, աւագանիի անդամի թեկնածուներ Արթուր Եղիազարեան եւ Սպարտակ Ասոյեան:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւնները հերթական առիթ են ընտրութիւնները դարձնելու իշխանութիւններուն նկատմամբ անվստահութեան հանրաքուէ:

Ըստ անոր, եթէ քաղաքապետը ընդդիմութեան անդամ ըլլայ, կարելի չ՛ըլլար զայն փոխել Տոմինկոյի համերգի միջադէպին պատճառով, քանի որ ան իշխանութեան խաղերը չի խաղար:

Ան աւելցուց, որ եթէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները համընդհանուր դժգոհութեան հետ կապուին, անոնց քաղաքական բնոյթ կը տրուի. ժողովուրդը «այո» կ՛ըսէ այն քաղաքական ուժին, որ ի վիճակի կ՛ըլլայ պայքարիլ իշխանութեան հետ, որուն ան ըսած է «ոչ»:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Երեւանի աւագանիի նախընտրական արշաւի վերջին շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ-ն պիտի զբաղի միւս ընդդիմադիր ուժերու միասնութեան կոչ ուղղելով:

Ըստ Ռուստամեանի, նախագահական ընտրութիւններուն բաղդատմամբ, այս ընտրութիւններուն ժամանակ պիտի ըլլան 464 ընտրական տեղամասեր, քանի մը անգամ աւելի քիչ, ինչ որ կը դիւրացնէ ձայներու պահպանման եւ կեղծիքները կանխելու հոլովոյթը:

ՀՅԴ–ի Խնդիրը Երեւանի Մէջ
Իշխանափոխութիւնն
Է

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքի բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը նոր չէ, որ քաղաքական բեմահարթակին վրայ կը խօսի իր ծրագիրին մասին, կը խօսի երկրին մէջ ստեղծուած վիճակին մասին: Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ընդդիմադիր կուսակցութիւն է եւ իր ընդդիմադիր տեսակէտներն ու դիրքորոշումները շատ յստակ ձեւով արտայայտած է:

Ան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ ՀՅԴ-ն Երեւանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն այդքան լուրջ քաղաքական կազմով, մեծ քաղաքական նշանակութիւն տալով եւ այդ նշանակութիւնը ընդունելով մտած է քաղաքական պայքարին մէջ: Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ իր բարձրացուցած հարցերը եւ առաջարկած ծրագիրները իրականացնելու համար պէտք է ամէն առիթ օգտագործել:

ՀՅԴ համամասնական ցուցակը գլխաւորողը նշեց, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները գիւղապետի մը կամ քաղաքապետի մը ընտրութիւնները չեն Դաշնակցութեան համար, այլ կարեւոր են անով, որ մայրաքաղաքը իրապէս կրնայ փոխել Հայաստանի վիճակը: Ռուստամեան անդրադարձաւ փոփոխութիւններուն եւ անոնց Երեւանէն սկսելու անհրաժեշտութեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ հիմնական հարցը այն է, որ ՀՅԴ-ն կարենայ Երեւանի քաղաքային իշխանութիւնը փոխել եւ եթէ այդ փոփոխութիւնները մինակ չյաջողի կատարել, բնականաբար պիտի փորձէ գտնել իրեն պէս մտածող քաղաքական ուժեր, որոնց հետ կարելի է այդ միտքը կեանքի կոչել: Ան ընդգծեց յետընտրական համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Անդրադառնալով քաղաքացիներէն մէկուն այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը աւագանիի կազմին մէջ ի՞նչ կը պատրաստուի ընել կրթական համակարգին վերաբերեալ, երբ այդ համակարգը համատարած կուսակցկանացուած է, Ռուստամեան յայտնեց, որ ատիկա անթոյլատրելի է, քանի որ նախ եւ առաջ աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն դէմքով Հանրապետական կուսակցութիւնը կը տեսնեն եւ չի կրնար այնպէս ըլլալ, որ բոլորը նոյն գաղափարական, մտածելակերպի եւ աշխարհընկալման պատկերացումները ունենան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Կազմակերպութեամբ Նախընտրական Քայլարշաւներ` Երեւանի Տարբեր Շրջաններուն Մէջ

Յաջորդը

«Երեւանի Մէջ Դրական Փոփոխութիւններու Գլխաւոր Գրաւականը Ընդդիմադիր Քաղաքապետի Առկայութիւնն Է» Նշեց Վահան Յովհաննիսեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.