Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Վարչապետին Դէմ Մահափորձ «Արտաքին Ուժեր Կը Ջանան Որեւէ Ձեւով Սուրիական Վարչակարգը Տապալել» Կ՛ըսէ Լաւրով

April 30, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու համար զանգուածային քանդումի զէնքերու հարցը օգտագործելէ:

Ան ըսաւ, որ «գոյութիւն ունին արտաքին պետութիւններ եւ ուժեր, որոնք սուրիական վարչակարգի տապալման համար բոլոր միջոցները լաւ կը նկատեն, սակայն զանգուածային զէնքերու օգտագործման հարցը շատ վտանգաւոր է»` աւելցնելով, որ այդ հարցին օգտագործումը անընդունելի է:

«Այդպիսի աշխարհաքաղաքական խաղը կ՛արգելակէ 19 մարտին Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման շուրջ հետաքննութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կարգ մը պետութիւններ կը փորձեն արգելք հանդիսանալ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն այս հարցով հետաքննութեան խնդրանքին ուղղակի պատասխան տայ:

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ շարք մը հանրապետականներ ճնշում բանեցուցին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վրայ, որպէսզի ան Սուրիոյ դէմ պատերազմի ձեռնարկէ: Անոնք յայտնեցին, որ Ամերիկա կրնայ Սուրիոյ օդուժի օդակայանները հրթիռներով հարուածել, սակայն ցամաքային ուժեր պէտք չէ ուղարկէ:

Սաութ Քարոլայնայէն հանրապետական ծերակուտական Լինզի Կրահամ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական օդուժը չէզոքացնելը «ճակատամարտի ընթացքը արագ կերպով կը փոխէ», եւ այդ մէկը կատարելու միակ միջոցը սուրիական զինուորական օդակայանները «Քրուզ» տիպի հրթիռներով հարուածելն է:

Ծերակուտական Ճոն ՄքՔէյն իր կարգին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է սուրիական ընդդիմադիր մարտիկներուն աջակցութիւնը աշխուժացնէ, նոյնիսկ եթէ ի յայտ գայ, որ կառավարական ուժերը թունաւոր կազեր չեն օգտագործած: Ան «Էն.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «կրնանք «Փաթրիոթ» համակարգեր եւ «Քրուզ» հրթիռներ օգտագործել», ինչպէս նաեւ պէտք է Սուրիա երթալու համար «միջազգային ուժ» պատրաստել:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործումը մինչեւ հիմա չէ հաստատուած»:

Իսրայէլեան քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մը իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական բանակին կողմէ ընդդիմադիր ուժերու դէմ քիմիական զէնքերու օգտագործման հաստատ փաստեր գոյութիւն ունին` աւելցնելով, որ այս հարցով գաղտնի սպասարկական  բազմաթիւ տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին եւ աշխարհի բոլոր գաղտնի սպասարկութիւնները անոնց ծանօթ են:

Ան նշեց, որ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ քիմիական եւ ոչ աւանդական զէնքեր կ՛անցնին Հըզպալլայի եւ ահաբեկչական այլ կազմակերպութեանց ձեռքը, ինչ որ տակաւին Իսրայէլի համար մտավախութեան գլխաւոր նիւթն է:

Սուրիոյ Վարչապետին Դէմ Մահափորձ

Երէկ Դամասկոսի Մազզէ շրջանին մէջ գտնուող դպրոցի մը մօտ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որ պատճառեց 6 զոհ եւ 13 վիրաւոր: Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ պայթումը Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքիի դէմ մահափորձ մըն էր: Վերջինս իր շքախումբը թիրախ դարձուցած պայթումէն ետք իր գրասենեակը հասնելով դատապարտեց «այս առաւօտուն Դամասկոսի Մազզէ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական ականահարումը, որ շարք մը քաղաքայիններու մահուան պատճառ դարձաւ եւ պետական ու սեփական շարք մը կալուածներ քանդեց»:

Ան տնտեսական հարցերով յանձնախումբի նիստին ընթացքին յայտարարեց, որ «այս պայթումները սուրիական բանակի հերոսամարտերուն եւ յաղթանակներուն պատճառով ահաբեկչական խմբաւորումներուն եւ անոնց աջակցող ուժերուն սնանկացման ու բարոյալքման փաստերն են»:

 

Նախորդը

Ըստ «Հաարեց»-ի Իսրայէլացի Զինուորներ «Մաւի Մարմարա»-ի Դէմ Յարձակումին Համար Պիտի Չդատուին

Յաջորդը

Ուժգին Պայթում Մը Ցնցեց Կեդրոնական Փրական

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.