Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 29, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան կ՛աշխատի համախոհութիւն գոյացնել ընտրական խառն օրինագիծի մը շուրջ:

ՀԱՅՖԱՅԻ քաղաքապետ Եոնի Եահեֆ կոչ ուղղեց Իսրայէլի կառավարութեան ահաբեկելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան` վերջ տալու համար Իսրայէլը թիրախ դարձնող սպառնալիքներուն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խոստացած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկած ընտրական օրինագիծին առումով շուտով պատասխան մը տալ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի յանձնած է ընտրական օրէնք մը, որ Լիբանանը 128 ընտրաշրջանի կը բաժնէ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Թեհրան հրահանգներ կու տայ Հըզպալլայի` կռուելու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողքին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յառաջիկայ 9 մայիսին պատկերասփռուած ճառով մը պիտի անդրադառնայ ներկայ իրադարձութիւններուն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուաժիհ Պաարինի շեշտեց, որ կառավարութիւնը եւ ապահովական ուժերը պէտք է աշխատին` կասեցնելու համար ճամբաները փակելու քայլերը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանին ներկայ նստաշրջանը վեց ամիսով յետաձգելու առումով լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները արդէն իսկ սկսած են:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ ինք ոչ մէկ քաղաքական ուժի կը փափաքի յանձնել կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի իրաւունքը:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ խստիւ դատապարտեց Հըզպալլայի որդեգրած միլիսական քաղաքականութիւնը` աւելցնելով, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը խոչընդոտեն վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին գծով իրենց մտահոգութիւնը կու գայ Լիբանանի կացութեան նկատմամբ անոնց մտահոգութենէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ մերժեց ընտրական օրինագիծ մը մշակելու հարցը ուղղակի առնչել կառավարութեան կազմութեան հետ` աւելցնելով, որ ոմանց կողմէ Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալը պիտի քանդէ Լիբանանը:

ԹԱԼՔԱԼԱԽԻ մէջ սուրիական բանակը արգիլեց Լիբանանէն Սուրիա զինեալներու ապօրինի մուտքը:

ԱՄԱԼ շարժումի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է դէմ դնելու Լիբանանի դէմ գործուելիք իսրայէլեան որեւէ յիմարութեան: Ան հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքական կառավարութեան մը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ նախարար Ալի Հասան Խալիլի միջեւ հանդիպումը դրական կերպով ընթացած է, որովհետեւ Սալամ սկսած է համոզուիլ քաղաքական կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութեամբ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահ որոշած է վեթոյի ենթարկել երեսփոխան Պութրոս Հարպի նախագահական թեկնածութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը հաստատած են, որ ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլ իր պաշտօնին վրայ պիտի չմնայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Իրան կը ջանայ Հըզպալլայի միջոցով ժառանգել սուրիական վարչակարգը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն ազգային կառավարութեան մը կազմութեան նպատակով իսկական առիթ մը տալու համար:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ճիգ չեն խնայեր վարչապետ Թամմամ Սալամի պարտականութիւնը դժուարացնելու ի խնդիր:

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ նախարար Ամիր Փերեց զգուշացուց Հըզպալլայի մօտ քիմիական զէնքեր գտնուելու վտանգէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թալալ Մերեհպի յայտնեց, որ դէպի Լիբանան սուրիացի գաղթականներուն մնայուն գաղթը հսկայ ճնշում մը կը բանեցնէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն վրայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապը կրնայ վտանգաւոր ազդեցութիւններ ունենալ Լիբանանի եւ Յորդանանի վրայ:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ պետական նախարար Ալի Քանսօ կոչ ուղղեց կազմելու 30 նախարարէ բաղկացած կառավարութիւն մը` ապահովելու համար քաղաքական բոլոր կողմերուն ներկայացուցչութիւնը:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Սանտէյ Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ նշուեցաւ, որ Իսրայէլի դէմ լիբանանեան որեւէ ռմբակոծումի պարագային, Իրան պատասխանատու պիտի նկատուի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքական կառավարութիւն մը, որ կը պաշտպանէ Լիբանանը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ Հըզպալլա կ՛ողջունէ  քաղաքական ամէն դերակատարութիւն, որ կ՛օժանդակէ տեղական եւ շրջանային կայունութեան ամրապնդման:

 

Նախորդը

Իտալիոյ Վարչապետի Գրասենեակին Առջեւ Հրացանաձգութիւն

Յաջորդը

Ռաատ. «Յանձնառու Ենք Սալամի Պարտականութիւնը Դիւրացնելու Եւ Կը Մերժենք Անիրաւութիւնը»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.