Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ռուսական գաղտնի սպասարկութիւնը ամերիկեան իշխանութեանց ցարնայեւի ժիհատի շուրջ զրոյցները տրամադրած է

April 29, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զուպէյտաթ Ցարնայեւ

«Ռուսիոյ ձայն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ռուսական ապահովական մարմինները ամերիկեան իշխանութեանց յանձնեցին Պոսթընի միջազգային մարաթոնին ընթացքին ահաբեկչական արարքներ կատարելու յանցանքով կասկածեալներ Ցարնայեւ եղբայրներուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն արձանագրութիւնները, որոնք Ժիհատի եւ անհաւատներու դէմ սրբազան պատերազմի մասին անյստակ ակնարկներ կը պարունակեն:

Այդ արձանագրութիւններուն շարքին են կասկածեալներուն մօր` Զուպէյտաթ Ցարնայեւի հարաւային Ռուսիոյ մէջ անձի մը հետ ունեցած հեռաձայնային խօսակցութիւնը: Նախապէս հաղորդուած էր, որ ամերիկեան իշխանութիւնները այն կասկածը ունին, որ Զուպէյտաթն է, որ իր զաւակները դէպի արմատական իսլամութիւն մղած է: Նշենք, որ կասկածելիներէն մէկուն Թամերլանի հօրեղբայրը` Ռուսլան Ցառնի «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ իսլամացած հայ մըն է, որ իր եղբօրը աւագ տղան` Թամերլան Ցարնայեւը մղած է դէպի արմատական իսլամութիւն:

«Սի.Էն.Էն.» նախապէս հաղորդած էր, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը յայտնած էր, որ Թամերլան Ցարնայեւը հարցաքննած էր, երբ Ռուսիա 2011-ին անոր շուրջ մտահոգութիւն յայտնած էր: «Էֆ.Պի.Այ.»-ը օրին գտած էր, թէ ոչինչ հետաքննութեան շարունակումը կ՛արդարացնէ, իսկ Ռուսիա մերժած էր յաւելեալ տեղեկութիւններ տրամադրել: Ռուսական կողմէն նաեւ մտահոգութիւն յայտնած էին մօր շուրջ, որուն անունը հետագային իր որդիին կողքին ներառուած էր ԹԱՅՏ-ի (Ահաբեկիչներու ինքնութեանց տուեալներու շրջանակ) վրայ:

Աւելի՛ն, «Էֆ.Պի.Այ.»-ը 2011-ին նաեւ հարցաքննած է երկու կասկածեալներուն մայրը: Հարցը քանի մը ամիս ետք փակուած է:

 

Նախորդը

Փորձագէտներ Կը Հաստատեն. Թուրինեան Պատանքը Իրական Է` Կեղծուած Չէ

Յաջորդը

Թուրքիա-Իսրայէլ «Դրական» Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.