Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Պոկտանով Կը Հաստատէ Լիբանանի Կայունութիւնը Պահպանելու Եւ Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծում Ապահովելու Անհրաժեշտութիւնը

April 27, 2013
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պոկտանով Փութինի նամակը կը յանձնէ նախագահ Սլէյմանին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնատարներու, հոգեւորականներու, զինուորականներու եւ քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Այցելութիւններուն ընթացքին Պոկտանովի ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին:

Պաապտայի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Պոկտանովը, որ Սլէյմանի յանձնեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինէն նամակ մը,

որուն մէջ զօրակցութիւն յայտնուած էր Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու առումով հանրապետութեան նախագահին ջանքերուն:

Փութինի նամակին մէջ շեշտուած էր նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան» անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու իմաստով:

Հանդիպումին ընթացքին Պոկտանով ողջունեց Լիբանանը սուրիացի գաղթականները ընդունելու եւ անոնց մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու առումով:

Ան շեշտեց, որ Ռուսիա կը մերժէ Սուրիոյ հարցին զինուորական լուծում ապահովել:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց յաւելեալ գործակցութիւն ցուցաբերելու` Սուրիոյ տագնապին լուծման եւ Լիբանանը անոր հետեւանքներէն փրկելու առումով:

Միքաթիի Մօտ

Պոկտանով եւ Միքաթի

Պոկտանով հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ շեշտեց, որ Միքաթիի եւ Մոսկուայի միջեւ կապերը մնայուն կերպով պիտի օժանդակեն երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն զարգացման:

Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը վտանգ կը սպառնայ ներքին լիբանանեան կայունութեան եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին Լիբանանի հետ գործակցելու այդ հարցին լուծման ի խնդիր:

Պուսթրոս Պալատէն

Ապա Պոկտանով ուղղուեցաւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հրաժարեալ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պոկտանով վերահաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապին միակ լուծումը քաղաքական լուծումն է, որ երկխօսութեան ընդմէջէն կարելի է կատարել:

Աուտէ Եպիսկոպոսին Հետ

Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ընդունեց Պոկտանովը, որ հաստատեց, որ Մոսկուա կը հետապնդէ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն հարցը եւ ճիգ չի խնայեր ճշդելու անոնց գտնուած վայրն ու ազատ արձակելու զանոնք:

Պըրրիի Մօտ

Պըրրի եւ Պոկտանով

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Պոկտանովը, որ շեշտեց, թէ կարելի չէ Լիբանանի եւ այլ երկիրներու դիմագրաւած հարցերը լուծել, բացի ազգային երկխօսութեամբ եւ փոխըմբռնումի ճամբով:

Հըզպալլայի Հետ

Պոկտանով ճաշի հիւրը դարձաւ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի:

Ճաշկերոյթէն ետք կատարուած հանդիպումին լոյսին տակ, Պոկտանով եւ Ռաատ տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Ռաատ հանդիպումը նկատեց շատ անկեղծ: Ան նշեց, որ պէտք է մնայուն կերպով յիշել շրջանին կայունութիւնը պահպանելու համար Ռուսիոյ ճիգերը:

Իր կարգին, Պոկտանով շեշտեց լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութիւնը պահպանելու, ինչպէս նաեւ ազգային երկխօսութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն պահպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ հողային ամբողջականութիւնը:

Այցելութիւն Եարզէ

Եարզէի մէջ Պոկտանով հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ու ռուսական բանակներուն երկկողմանի գործակցութիւնը եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:

Պոկտանով ընդգծեց բանակին դերակատարութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Մուխթարայի Մէջ

Պոկտանով այցելեց նաեւ Մուխթարա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Կէս ժամուան դռնփակ հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին կը դիմագրաւէ տագնապ մը, որ կրնայ ամէնէն վտանգաւորը ըլլալ եւ կրնայ խզել լիբանանցիներուն միասնականութիւնն ու անոնց ապահովական կայունութիւնը` Սուրիոյ տագնապին պատճառով:

Ժոմպլաթ խնդրեց, որ Մոսկուա գործակցի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Արաբական լիկային հետ` օժանդակելու համար սուրիացի ժողովուրդին:

Պոկտանով իր կարգին շեշտեց, որ Ռուսիա կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման` աւելցնելով, որ Մոսկուա կ՛աջակցի Լիբանանին եւ անոր կայունութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բարգաւաճման:

Պոկտանով շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով զինուորական լուծում չկայ, այլ` ըստ Ժընեւի համաձայնագիրին, կայ միայն քաղաքական լուծում:

Նշենք, որ Պոկտանով նախանցեալ օր Քլեմանսոյի մէջ եւս հանդիպած էր Ժոմպլաթի:

 

Նախորդը

Միքաթի Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայութեան

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Գործող Հայկական Կազմակերպութիւն Մը Կը Պահանջէ Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.