Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Ապրիլ 1963)

April 27, 2013
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրիլեան Նահատակներու
Ոգեկոչումը Լիբանանի Մէջ

Չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 1963, ամբողջ լիբանանահայութիւնը, մեծ յարգանքով ոգեկոչեց ապրիլեան Մեծ եղեռնի մէկ միլիոն նահատակներուն 48-րդ տարելիցը:

Ազգային պաշտօնատուները, դպրոցները, խանութներն ու գործատեղիները փակ մնացին, օտար հաստատութեանց մէջ գործող պաշտօնեաներն ու գործաւորները արձակուրդ ստացան:

Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագ, կատարուեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ եւ տեղի ունեցան յիշատակի բազմաթիւ սգահանդէսներ:

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ պատարագեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան:

Բազմահազար ժողովուրդ լեցուցած էր եկեղեցին ու շրջափակը:

Ս. պատարագը երգուեցաւ քառաձայն` «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:

«Հայր Մեր»-էն առաջ պատարագիչ հայր սուրբը օրուան խորհուրդը իմաստաւորող բովանդակալից եւ տպաւորիչ քարոզ մը խօսեցաւ:

Յաւարտ Ս. պատարագի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի, Նահատակաց յուշարձան-մատուռին առջեւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն: Յուզիչ արարողութիւններէն ետք սրբազան հայրը ամփոփ ու գեղեցիկ ճառ մը խօսեցաւ:

Ապա ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, Պուրճ Համուտի նուագախումբին գլխաւորութեամբ, յարգանքի տպաւորիչ արարողութիւն կատարեցին: Պատուի կեցան, մահերգի նուագը հնչեցուցին եւ ծաղկեպսակ դրին: Շոփենի մահերգը յուզեց ներկաները, եւ ժողովուրդը խոր յարգանքով խոնարհեցաւ իր նահատակներուն յուշարձանին առջեւ:

Կաթողիկոսարանի կարգադրութեամբ Անթիլիասի միաբաններէն Արտաւազդ վրդ. Թրթռեան քարոզեց Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:

Վարդան վրդ. Տեմիրճեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Գուրգէն աբղ. Թրթռեան պատարագեց եւ քարոզեց Այնճարի եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցական պաշտամունքներէ ետք տեղի ունեցան սգահանդէսներ: Այսպէս` Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Մեսրոպ աբղ. Աշճեանի: Բանախօսեց Անդրանիկ Ուրֆալեան:

Ազգ. Էհրամճեան վարժարանի Շրջանային միութեան նախաձեռնութեամբ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Նոր Ամանոս (Տորա) Էհրամճեան վարժարանին մէջ, նախագահութեամբ Եզնիկ աբղ. Բալայեանի, բանախօսեց Տիգրան Ոսկունի:

Հայաշէնի Համազգայինի նախաձեռնութեամբ, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի Ս. Յովհաննու-Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արտաւազդ վրդ. Թրթռեանի: Բանախօսեց Բիւզանդ Եղիայեան:

Սգահանդէսներ տեղի ունեցան նաեւ Թիրոյի մէջ, նախագահութեամբ Վարդան վրդ. Տեմիրճեանի, Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ, նախագահութեամբ Սուրէն աբղ. Քաթարոյեանի, Ժիւնիէի եւ այլ շրջաններու մէջ:

***

Հայ կաթողիկէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նմանապէս տեղի ունեցան Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին նախաձեռնութեամբ, հանդիսաւոր սգատօն տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի բակին մէջ:

Պատարագեց եւ քարոզեց Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ:

Քառաձայն սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Կիլիկիա» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Վարդան վրդ. Թէքէեանի:

Ս. պատարագէն ետք կաթողիկէ նուագախումբին առաջնորդութեամբ կազմուած փառաշուք թափօրը ճամբայ ելաւ դէպի պատրիարքարան, ուր Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Նուագախումբը հնչեցուց մահերգներ եւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան:

Երեքշաբթի, 23 ապրիլ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայ աւետարանական քոլեճի Շրջանային միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յուշատօն, Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ: Բանախօսեցին Օննիկ Սարգիսեան եւ Եդուարդ Տասնապետեան:

Բոլոր հանդիսութիւններուն ժողովուրդը լեցուց սրահները եւ արժանավայել լրջութեամբ յարգեց յիշատակը իր մէկ միլիոն նահատակներուն:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Երբ Գարունը Կը Հասնի

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.