Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Գործօնի Ուժականութիւնը` 50.000 Հայորդիներու Քայլարշաւ-Բողոքը

April 26, 2013
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայութեան այս տարուան ապրիլ 24-ը յատկանշուեցաւ բազմաթիւ իմաստներով: Ապրիլ 24-ի առաւօտուն Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին միացեալ յայտարարութիւնը կոչուած է նոր էջ բանալու համահայկական մեր պահանջատիրութեան կարեւոր մէկ բաժնին` եկեղեցիներու, վանքերու եւ եկեղեցապատկան կալուածներու բուն իրաւատիրոջ անյապաղ վերադարձի պահանջով: Պահանջատիրական մեր պայքարի տակաւ առարկայացման եւ դէպի իրաւականացում ճանապարհի մեկնարկային կարեւորագոյն քայլերէն պէտք է համարել այս յայտարարութիւնը, որուն մեր մամուլը պիտի անդրադառնայ տակաւին:

Պահանջատիրական շարժումին վառ ապացոյցը հանդիսացաւ Պուրճ Համուտէն Պուրճի Նահատակաց հրապարակ 50.000 հայորդիներու քայլրաշաւ-բողոքը, որուն մարդաշատութիւնը գնահատող 50.000 թիւը հրապարակուեցաւ լիբանանեան մամուլի նշանաւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ հաւաքի վայրի ընտրութիւնը` Նահատակաց հրապարակ, կը թուէր յաւակնոտ քայլ ըլլալ` նկատի ունենալով, որ երկրի ամէնէն մեծաթիւ հաւաքներու եւ ցոյցերու վայրն էր անիկա: Մեր ժողովուրդը փաստե՛ց, իր կուսակցութիւններով, յարանուանութիւններով, միութիւններով, հասարակական կազմակերպութիւններով եւ երիտասարդով, տարեցով, պատանիով ու երեխայով, որ ի՛նք կ՛ողողէ Պուրճ Համուտէն Պէյրութ տանող ճանապարհը, կը յաջողի անդամալուծել քաղաքը ի յիշատակ ցեղասպանութեան զոհերուն, Պէյրութի սրտին վրայ փոխանցել իր պահանջատիրական ուղերձներն ու պատգամները եւ համայն Լիբանանին զգուշացնել  թրքական գործօնի վտանգներէն:

Քայլարշաւ-բողոքին տարերային հանգամանքը, փոխանցած ուղերձներն ու դասերը ինչպէս ներազգային, այնպէս նաեւ արտաքին մակարդակներու վրայ կը մնան քննարկելի լիբանանահայութեան համար, որ փաստե՛ց հայկական գործօնի ուժականութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

Աւելի Քան 50 Հազար Լիբանանահայերու Պատգամ Փոխանցող Եւ Յարգանք Պարտադրող Քայլարշաւ-Պահանջատիրական Երթ` Լիբանանահայութեան Սիրտը Հանդիսացող Պուրճ Համուտէն Լիբանանի Սիրտը` Նահատակաց Հրապարակ

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛Ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.