Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան. Բազմահազար Երիտասարդներ Մասնակցեցան Աւանդական Ջահերով Երթին

April 24, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն սկսաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը, որուն մասնակիցներուն թիւը այս տարի կրկնապատիկն  էր նախորդ տարուան երթին մասնակիցներուն թիւին: Ջահերով երթին սկսելԷն առաջ խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան:

Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդին պահանջը ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է ըլլայ, այլեւ հատուցումը: Հայ ժողովուրդը զրկած են պատմական հայրենիքի մէկ մասէն եւ այսօր պատասխանը պէտք է ըլլայ համարժէք` հատուցման առումով:

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, առաւել եւս մեր ժողովուրդին համար Ցեղասպանութիւնը աւարտած չէ: «Մենք կ՛ապրինք Ցեղասպանութեան պայմաններուն մէջ, մեր երկրին այն վիճակը, որ հիմա ստեղծուած է, արտաքին այդ ճնշումներուն եւ շրջափակման հետեւանքն է:

«Մեր պարագային ոճիրը անցեալին մէջ չէ, Ցեղասպանութիւնը տեղի կ՛ունենայ ամէն օր», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:

Հայաստանի, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ուրախալի է, որ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն կազմակերպած տարեկան ջահերով երթին կը մասնակցին բազմաթիւ երիտասարդներ` անկախ քաղաքական պատկանելիութենէն, քանի որ այնտեղ, ուր կը սկսի ազգային պայքարը, կը դադրին կուսակցական վէճերը:

Ան նշեց, որ հայերը Թուրքիոյ կողմէ միայն ներողութիւն խնդրելը եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալը չէ, որ կ՛ուզեն, քանի որ ներողութիւն կը խնդրեն, երբ դէպքը անցած կը նկատուի: Իսկ ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի ամէն օր:

«Ցեղասպանութիւնը այսօրուան հարց է մեզի համար: Մենք ներողութեան պէտք չունինք, այլ` հատուցման: Քաղաքական օրակարգին մէջ ներգրաւել հատուցման պահանջը` ասիկա է իրական միասնութիւնը, անոր համար մենք մեր իշխանութենէն կը պահանջենք արդարութիւն, որովհետեւ արդար հասարակութիւնն է, որ կրնայ պահանջատէր ըլլալ: Իր երկրին մէջ անարդարութեան մէջ ապրող մարդը դուրսը ինչպէ՞ս պէտք է արդարութիւն պահանջէ: Արդարութիւնը, զոր կը պահանջենք, պիտի կառուցենք այստեղ, մենք կը կառուցենք, մենք կը սկսինք այսօր` մեր այս քայլերթով», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան` աւելցնելով, որ 40 տարի առաջ ալ 100 հազարաւոր մարդիկ խորհրդային Հայաստանի մէջ կրցան ոտքի կանգնիլ եւ ապացուցել, որ Ցեղասպանութիւնը միայն սփիւռքի հարցը չէ:

Իր խօսքի աւարտին Վահան Յովհաննիսեան դիմեց ջահերով երթի մասնակիցներուն` բոլորին, անոնց, որոնք երէկ առաջին անգամ կը մասնակցէին երթին, անոնց, որոնք շատ անգամներ արդէն մասնակցած են այդ ձեռնարկներուն եւ խնդրեց հասկնալ, որ «Հայ դատ» հասկացողութիւնը կուսակցական հասկացողութիւն չէ:

Վահան Յովհաննիսեան եզրափակեց, որ «ատիկա ճշգրիտ ընտրուած եզր է, որ կը նշանակէ մեր քաղաքական օրակարգը»:

Այնուհետեւ` արդէն աւանդաբար, երիտասարդները այրեցին Թուրքիոյ դրօշը, որուն բոցերէն վառելով ջահերը` սկսան երթը դէպի Ծիծեռնակաբերդ:

Նախորդը

Հազարաւոր Հայորդիներու Ներկայութեան. Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Հսկումին Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Ուխտեց Շարունակել Պայքարը Եւ Քալել Նահատակներու Ուղիով

Յաջորդը

«Ամէնէն Վատը Ծիսակատարութիւններով Սահմանափակուիլն Է» «Ալիք»-ին Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.