Երէկ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստին ընթացքին, կուսակցութեան ղեկավար, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուց գործող վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը եւ յայտնեց, որ ան կրկին պիտի նշանակուի վարչապետ:
Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի նիստին քննարկուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու հարցը. որոշուեցաւ, որ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Սէյրան Օհանեան պիտի շարունակեն պաշտօնավարել: Կառավարութեան միւս անդամներուն մասին Հանրապետական կուսակցութիւնը տակաւին որոշում չունի:


